Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի 16 տարեկանէն վար տղոց կրտսերներու ազգային խումբը մեկնեցաւ Ֆուշան (Չինաստան)` հոն իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ կրտսերներու 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան:
Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասէն չորս խումբեր կ՛ապահովեն Ասիոյ ախոյեանութեան կիսաւարտականի իրենց տոմսերը:
Լիբանան յաջորդաբար պիտի մրցի Ճափոնի, Հարաւային Քորէայի եւ Հնդկաստանի դէմ: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Փաթրիք Լահուտ:
Լիբանան, որ երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը, 94-68 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ճափոնէն:
 
			



