Աւստրիան ներկայացնող Սարգիս Մարտիրոսեան Պուքրեշի մէջ աւարտած Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան 105 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր:
Ան բարձրացուց ընդամէնը 384 քկ (182 եւ 202):
Ախոյեան հանդիսացաւ Լեհաստանի ներկայացուցիչը (396 քկ):
Հայաստանի ծանրաբարձութեան խումբը Եւրոպայի ախոյեանութեան չմասնակցեցաւ` որակազրկումի պատճառով: