Լիբանանի թենիսի տղոց «Տէյվիս Քափ»-ի խումբը 7-8 ապրիլին կը մրցի Հոնկ Քոնկի դէմ, Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասի կիսաւարտականին ծիրին մէջ:
Այս մրցումները տեղի պիտի ունենան «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի (Զուք Մոսպեհ) մարզադաշտին վրայ:
Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ յայտնելու նպատակով, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը վաղը` չորեքշաբթի, 4 ապրիլին կու տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` ներկայութեամբ յատուկ հրաւիրեալներու:



