Լիբանանի ֆութպոլի 58-րդ ախոյեանութեան նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացաւ Լիբանանի ախոյեանին անունը: Ահտ վեցերորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան, երբ ունեցաւ 4 կէտի առաւելութիւն մը իր անմիջական մրցակիցին` Նըժմէի վրայ:
Ահտ իր յաղթանակի եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Անսարի դէմ, մրցումին աւարտէն 5 վայրկեան առաջ, այսպիսով վերջ մը դնելով Նըժմէի` ախոյեան հանդիսանալու համար թափած ճիգերուն:



