Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Պէյրութ պասքեթպոլի ակումբը կը շարունակէ յաջողութիւններ արձանագրել եւ իր կարեւոր ներդրումը ունենալ լիբանանեան մարզաշխարհին մէջ:
Ակումբի նախագահ Նետիմ Հաքիմի թափած ճիգերուն շնորհիւ, անիկա իրաւունք ստացաւ հիւրընկալելու պասքեթպոլի ակումբներու տղոց ախոյեանութիւնը:
Արաբական ակումբներու այդ ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու իրաւունքը ակումբը ստացաւ Արաբական պասքեթպոլի ֆետերասիոնէն:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 1-11 հոկտեմբեր 2018-ին:
 
			


