Ալաշկերտի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան, իր հրաժարականը տուաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանին Գանձասար-Կապանէն իր կազմին կրած պարտութենէն ետք, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
Ալաշկերտի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Հայաստանի ազգային ու երիտասարդական հաւաքականներու եւ Արարատ Երեւանի նախկին գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան, որ անմիջապէս սկսաւ փորձերու:
Ան իրեն օգնական պիտի ունենայ Կարէն Բարսեղեանը, որ նախորդ շաբաթ հեռացաւ Գանձասար-Կապանի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն:
Յայտնենք, որ վերջին 2 տարիներուն Ալաշկերտ Խաշմանեանի գլխաւորութեամբ դարձած էր Հայաստանի ախոյեան: