ՀՄԸՄ Բաժակի Մրցաշարքին Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը
Շաբաթ, 31 մարտին աւարտեցան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումները եւ յստակացան ֆայնըլ-էյթին իրարու դէմ ճակատող խումբերը:
ՀՄԸՄ, որ գրաւեց պարագլուխի դիրքը, պիտի ճակատի Լուէյզիի դէմ (8-րդ):
Ռիատի իր դէմ պիտի ունենայ Անթունիէն, Սաժես Շանվիլը, իսկ Պէյրութ` Մութթահետը:
Հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ ֆայնըլ-ֆորի իր տոմսը:

PROFOTO
Բ. հանգրուանին իր կատարած վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ, որ իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան հիւրընկալեց Շանվիլը, 93-78 արդիւնքով (25-24, 22-22, 22-16 եւ 24-16) յաղթանակ մը արձանագրեց:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սեմ Եանկ (24), ապա` Իսմայիլ Ահմետ (18), Ուոլթըր Հոճ (16) եւ Հայկ Կէօքճեան (13):
Իսկ Շանվիլէն Ֆետի Խաթիպ նշանակեց 22 կէտ:
Վերջապէս, վերջին մրցումին, Սաժես 85-75 արդիւնքով յաղթեց Պէյրութին:
Սաժեսէն Տուայն Ճեքսըն նշանակեց 33 կէտ, իսկ Պէյրութէն Քրիս Քրոֆորտ` 29 կէտ:
Ֆայնըլ-էյթի մրցումները կը սկսին հինգշաբթի, 5 ապրիլին:
Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի ծիրին մէջ, երէկ Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ ՀՄԸՄ, որ ճակատեցաւ Հուփսի դէմ, արձանագրեց 86-75 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին խումբերը կը մրցին միայն իրենց լիբանանցի մարզիկներով:
ՀՄԸՄ Ա. կիսախաղին 49-30 արդիւնքով կը յառաջանար իր մրցակիցին վրայ:
Կիսաւարտականին ՀՄԸՄ պիտի մրցի Անթունիէի դէմ: Վերջինս առանց մրցում կատարելու ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ Շանվիլ քաշուեցաւ մրցաշարքէն:
Իր կարգին, Սաժես երէկ յայտարարեց, որ կը քաշուի մրցաշարքէն: