Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ գումարած իր արտակարգ ժողովին որոշում կայացուց, որ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ կատարուելիք Սաֆա – Ախա Ահլի Ալէյ մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար այսօր` ուրբաթ, յետաձգուած է վաղուան:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ վաղը` շաբաթ, Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ եւ պիտի սկսի ժամը 15:30-ին: