«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի իրենց տոմսերը երէկ գիշեր ապահովեցին նաեւ Ռէալ Մատրիտ եւ Պայէրն Միւնիխ, երբ կատարուեցան քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները:
Երթին իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով պարտուած Եուվենթուս երէկ յաջողեցաւ Սպանիոյ մէջ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել:
Իտալական կազմը քիչ մը անբախտ դուրս եկաւ, որովհետեւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (98-րդ) փենալթիով նշանակեց իր կազմին փրկարար կոլը:
Ճիանլուիճի Պիւֆոն, նախքան սպանական կազմին կոլը նշանակելը, կարմիր քարտ մը ստացաւ իրաւարարին հետ վիճելուն համար:
Վաղը` ուրբաթ, 13 ապրիլին, կը յստականայ, թէ որո՞նք պիտի մրցին իրարու դէմ, երբ կատարուի վիճակաձգութիւնը:
Իսկ կը մնայ կիսաւարտականի վերջին տոմսը ապահոված խումբին, անիկա եղաւ Պայէրն Միւնիխ, հակառակ անոր որ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սեւիլլայի հետ (երթ` 2-1, ի նպաստ Պայէրնի):