Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, հովանաւորութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, Հուփս ակումբին նախաձեռնած Անթուան Շարթիէի անուան պասքեթպոլի տարիքային մրցաշարքը թեւակոխեց իր 3-րդ հանգրուանը:
Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին (Պաուշրիէ) եւ Հուփս ակումբին, Հազմիէի եւ օդակայանի ճամբուն վրայ գտնուող պասքեթպոլի դաշտերուն վրայ տեղի ունեցող այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 20 ակումբներէ 800 մարզիկներ:
Տեղի կ՛ունենան 10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգերու տղոց տարիքային մրցումներ: