Պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ իր համակիրներուն պատճառով Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբը կ՛ենթարկուի 43 հազար եւրօ տուգանքի: Պատճառը Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին համակիրները իրենց ֆայըր-շույին պատճառով պարտադրած էին, որ մրցումը քանի մը վայրկեանով ընդմիջուի:
Ասկէ բացի, խումբին համակիրներէն շատերը վերոնշեալ մրցումին լէյզըրներ գործածած էին սպանական ակումբին մարզիկներուն վրայ: