Անգլիական 5-րդ դասակարգին մաս կազմող Թրանմիր Ռովըրզ ֆութպոլի ակումբի համակիր Ռիչի Հելոն, քալելով կտրած է 440 քմ երկար ճամբայ մը` դիտելու համար իր խումբին մրցումը` Տովըր Աթլեթիքի դէմ, բայց վերջին վայրկեանին կլիմայական պայմաններուն պատճառով մրցումը յետաձգուեցաւ:
Ան 6 օրուան այս ուղեւորութեան ձեռնարկած է, որպէսզի գումար հաւաքէ 4 տարեկան Էտի Մոլինիոյի բուժման համար: Վերջինս ուղեղի քաղցկեղէ կը տառապի եւ կը բուժուի Մեքսիքայի մէջ:
Ռիչի երբեք չտխրեցաւ, որ այդ մրցումը յետաձգուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան ինքզինք որոշ չափով ուրախ զգաց, որովհետեւ կրցաւ այդ աղջկան համար 3400 եւրօ հաւաքել:
Էշլիի ծնողները` Էշլի եւ Սթիւըն, այդ գումարը առնելով մեկնեցան Մեքսիքա, որպէսզի իրենց աղջկան կողքին ըլլան: