Միջազգային լրատու գործակալութիւններ յայտնեցին, որ «ՖԻՖԱ»-ն շատ հաւանաբար Լոս Անճելըս Կալաքսիի նորեկ ֆութպոլիստին Զլաթան Իպրահիմովիչին արգիլէ Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ մասնակցիլ 2018-ի մոնտիալին:
Նշուեցաւ, որ որոշումին պատճառը կրնայ ըլլալ ֆութպոլիստին համագործակցութիւնը գրաւի գրասենեակի ընկերութեան մը հետ:
«ՖԻՖԱ»-ին օրէնքներուն համաձայն, մրցումներուն արդիւնքներուն վրայ գրաւ դնող մարդոց արգիլուած է մասնակցիլ աշխարհի ախոյեանութիւններուն:
Նշենք, որ 36 տարեկան ֆութպոլիստը հրաժարեցաւ այս գծով որեւէ մեկնաբանութիւն կատարելէ: