Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 12 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 21:30-ին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ – Լուէյզի երրորդ մրցումը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը:
Հետեւաբար, իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային, ՀՄԸՄ պիտի ապահովէ ֆայնըլ-ֆորի իր տոմսը:
Նոյն ժամուն, Ղազիրի իր դաշտին վրայ Սաժես կը հիւրընկալէ Շանվիլը: Երկու կազմերն ալ արձանագրած են մէկական յաղթանակ, եւ արդիւնքը կ՛ընթանայ 1-1 հաւասարութեամբ: