Պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ամերիկահայ Վանես Մարտիրոսեան պիտի ճակատի արհեստավարժ կռփամարտի միջին քաշային կարգի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ Պի. Սի.», «ՏԱՊԸԼԻՈՒ Պի. Էյ.-Սուփըր», «Այ. Պի. Էֆ.» եւ «Այ. Պի. Օ.» վարկածներով աշխարհի ղազախ ախոյեան Կենատի Կոլովքինի դէմ:
Ըստ շրջան ընող ոչ պաշտօնական լուրերուն, 31 տարեկան Մարտիրոսեան իր այս մենամարտը պիտի կատարէ 5 մայիսին:
Հայ կռփամարտիկը իր նախորդ մենամարտը կատարեց մայիս 2016-ին, երբ իրաւարարներու միաձայն որոշումով պարտուեցաւ առաջին միջին քաշային կարգի «Այ. Պի. Օ.» եւ «Տապըլիու Պի. Էյ.՛» վարկածներով աշխարհի ախոյեան Էտիսլանտի Լարայէն: