«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ եգիպտացի Մոհամետ Նաուֆալ իր հեծանիւով պիտի մեկնի Ռուսիա` ներկայ գտնուելու համար 2018-ի մոնտիալի մրցումներուն:
24 տարեկան եգիպտացին պէտք է կտրէ 5 հազար քմ` հասնելու համար իր նպատակին:
Կը կարծուի, որ ան 65 օր ետք պիտի հասնի Մոսկուա` անցնելով Պուլկարիայէն, Ռումանիայէն, Մոլտովայէն եւ Ուքրանիայէն:
28 տարուան բացակայութենէ մը ետք, մոնտիալին մասնակցող Եգիպտոս Ա. հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ռուսիան, Սէուտական Արաբիան եւ Ուրուկուէյը: