Այսօր` չորեքշաբթի, 13 յունիսին յետմիջօրէին ժամը 17:00-ին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն Հազմիէի իր կեդրոնատեղիին մէջ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարէ անունները այն մարզիկներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 22 յունիսէն 1 յուլիս Թարակունայի մէջ (Սպանիա) տեղի ունենալիք միջերկրականեան 18-րդ խաղերուն:


