Պաշտօնական յայտարարութեամբ մը Ռէալ Մատրիտ տեղեկացուց, որ Խուլեն Լոփենթեկուի նշանակուեցաւ ակումբին նոր մարզիչը:
51 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը, որ 2016-էն ի վեր կը գլխաւորէ Սպանիոյ ազգային խումբը, իր նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 2018-ի մոնտիալին աւարտէն անմիջապէս ետք:
Նախապէս ան եղած է Փորթոյի մարզիչ, ինչպէս նաեւ` Սպանիոյ պատանեկան եւ երիտասարդական հաւաքականներուն մարզիչ:
Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պիտի վճարէ 2 միլիոն եւրօ, որ կը կազմէ անոր հրաժարականին գինը: Այս լուրը կը հաղորդէ «Մարքա»:



