Լիբանանեան պասքեթպոլի աշխարհին մէջ տեղի ունեցաւ եզակի եւ իւրայատուկ քայլ մը, որով լիբանանցի Քարիմ Հըսէյն Ռաթիլ (2004-ի ծնունդ, 1,92 մեթր), որ մաս կը կազմէ Հուփս Ռիատի ակումբին, 3-13 օգոստոսին պիտի մեկնի Օրլանտօ (Միացեալ Նահանգներ) եւ հոն պիտի մասնակցի` «Էն. Պի. Էյ.»-ի կրտսերներու ախոյեանութեան:
Այս մէկը իրականացաւ, գործակցութեամբ Տալաս Մավըրիքսի թունուզցի նախկին մարզիկ Սալեհ Մաժարիի հետ, որ բացայայտեց Ռաթիլի ունեցած բացառիկ յատկութիւնները:
Ռաթիլ, որ կը խաղայ 3 եւ 4 դիրքերուն վրայ, 5 տարեկանէն ի վեր (2009-էն) ելոյթ կ՛ունենայ Հուփսէն եւ կը հանդիսանայ 14 տարեկանէն վար լիբանանցի մարզիկներուն մէջ լաւագոյններէն մէկը:
Նշենք, որ ան Հուփսի հետ միջազգային մրցաշարքերու մասնակցելով, ձեռք ձգած է բացառիկ արդիւնքներ, մանաւանդ` 2015-ին, երբ Իտալիոյ միջազգային մրցաշարքին Հուփսի ապահովեց երկրորդութիւն մը:


