Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէ Քրասնոտարի մէջ (Ռուսիա) իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին կատարած փորձերուն ընթացքին ձախ ոտքէն վիրաւորուեցաւ եւ այդ պատճառով դադրեցուց փորձերուն իր մասնակցութիւնը:
Կը կարծուի, թէ այսօր կամ առաւելագոյնը վաղը յստականայ, թէ ան որքա՞ն ժամանակի կը կարօտի ապաքինելու համար:
2018-ի մոնտիալին Ա. հանգրուանի մրցումներուն Սպանիա յաջորդաբար պիտի մրցի Փորթուգալի (15 յունիս), Իրանի (20 յունիս) եւ Մարոքի (25 յունիս) դէմ:



