Աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Լիբանան իր վերջին երկու մրցումներուն պիտի հիւրընկալէ Յորդանանը (28 յունիս) եւ Սուրիան (1 յուլիս), Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ):
Տոմսակներուն գիներն են 15, 35, 60 եւ 150 հազար լիբանանեան ոսկի (վերջինը` պատուոյ թրիպիւն):
Պէտք է նշել, որ Լիբանան աւելի քան չորս կէտի տարբերութեամբ պէտք է յաղթէ Յորդանանի, ինչպէս նաեւ այլ յաղթանակ մը արձանագրէ Սուրիոյ դէմ, որպէսզի ապահովէ Բ. հանգրուանին իր տոմսը, ուր իրեն դէմ պիտի ունենայ Չինաստանը, Հարաւային Քորէան եւ Նոր Զելանտան:



