Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին պատրաստուող Պէյրութ, իր կազմին միացուց երրորդ մարզիկ մը` Էլի Շամունը, որ` լքելով ՀՄԸՄ-ի կազմը, ստորագրեց 2 տարուան պայմանագրութիւն մը:
Նշենք, որ Պէյրութի միացած առաջին մարզիկը հանդիսացաւ Ալի Հայտար, որ Ռիատիէն տեղափոխուեցաւ հոն:
Անկէ ետք Ռալֆ Աքըլ միացաւ Պէյրութի` Մութթահետէն:
Նախքան այս փոխանցումը, Պասել Պաուժի Պէյրութէն տեղափոխուեցաւ Ռիատիի:



