2018-ի մոնտիալին ազդանշանը տրուելէն առաջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի հաւաքականը ամէն գնով կը մասնակցի 2022-ի մոնտիալին, որ տեղի կ՛ունենայ Քաթարի մէջ:
«Յոյսով եմ, որ յաջորդ անգամ մենք կը մասնակցինք աշխարհի ախոյեանութեան: Բնականաբար, այդ մէկը քիչ մը բարդ հարց մըն է, բայց եթէ գոյութիւն ունենայ կամքը այդ մէկը իրագործելու, կրնանք մեկնիլ Քաթար: Կը կարծեմ, թէ եթէ հայ ֆութպոլիստները հանդէս գան եւրոպական առաջատար ախոյեանութիւններուն, աւելիով կրնանք զօրացուցած ըլլալ մեր ազգային հաւաքականը», ըսաւ Արսենալի միջնապահը` Մխիթարեան:
Նշենք, որ 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին Հայաստան միայն 7 կէտ կրցաւ ապահովել Ե. խմբակին մէջ:



