Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Տըպպայէ Քաունթրի Քլապի մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի ձիավարութեան զտումի երկրորդ հանգրուանի մրցումները (ընդամէնը` երեք հանգրուան):
Նշենք, որ այս մրցումները եւս տեղի ունեցան միջազգային ձիավարութեան ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ
Այս երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն («Տապըլիու. Ճէյ. Սի.») ներկայ գտնուեցան Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնին նախագահ զօր. Սուհէյլ Խուրի, Տըպպայէի քաղաքապետ Ժորժ Ապպուտ, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ հանդիսատեսներ:
Իսամ Հատտատ, որ գրաւեց առաջին դիրքը, աւարտին իր տիտղոսը ստացաւ զօր. Խուրիէն:


