Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի կազմերէն Գանձասար-Կապանի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ մարզիչ Աշոտ Բարսեղեան իրեն օգնական պիտի ունենայ փորձառու մասնագէտ Արմէն Սանամեանին:
Նշենք, որ Սանամեան 2016-2017 տարեշրջանին աշխատած է Գանձասար-Կապանի մէջ:
Նախքան Գանձասար-Կապան տեղափոխուիլը, Սանամեան կը գլխաւորէր Երեւանի Արցախը:



