Մարզական

Ճատրակ.  Շանթ Եւ Գաբրիէլ Սարգսեաններ Կը Շարունակեն Իրենց Յաջող Ելոյթները

Ճատրակ. Շանթ Եւ Գաբրիէլ Սարգսեաններ Կը Շարունակեն Իրենց Յաջող Ելոյթները

ՖԻՏԷ-ի 2025 աշխարհի ճատրակի բաժակի Գ. հանգրուանին Հայաստանի ներկայացուցիչներ Շանթ Սարգսեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան յաղթանակներ արձանագրելով հասան Դ. հանգրուան: Շանթ Սարգսեան 1,5-0,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց թուրք Մուսթաֆա Եըլմազը, մինչ Գաբրիէլ Սարգսեան 1,5-0,5 արդիւնքով դուրս ձգեց հնդիկ Տիփթայան Ղոշը: Ռոպերթ Յովհաննիսեան սպասելի պարտութիւն մը կրեց թիւ 3 դասուած Ռամեշպապու Փրակնանանտայէն` 1,5-0,5 արդիւնքով: Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ ներկայացող Լեւոն Արոնեան եւ Սամուէլ...

Բռնցքամարտ.  Յարութիւն Յակոբկոխեան Եւ Մանուէլ  Պետրոսեան` Եւրոպայի Ախոյեաններ

Բռնցքամարտ. Յարութիւն Յակոբկոխեան Եւ Մանուէլ Պետրոսեան` Եւրոպայի Ախոյեաններ

Երեւանի մէջ տեղի ունեցող 23 տարեկանէն վար բռնցքամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն, երկու հայ ոսկի մետալակիրներ ունեցանք առաջին օրուան մրցումներուն: 71 քկ կշիռի ախոյեան դարձաւ Յարութիւն Յակոբկոխեան: Բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեան, երեք անգամ Եւրոպայի ախոյեան Իսրայէլ Յակոբկոխեանի զաւակը Հայաստանի երկրորդ ոսկի մետալը նուաճեց տղոց (23 տարեկանէն վար) մրցումներուն: Յարութիւն աւարտականին 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ռուս մրցակից Իզնովր Զայպուլայեւը: Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ նաեւ...

Թենիս.  Երկու Հանդիսատեսներ Մահացան  Տարբեր Պայմաններու Մէջ

Թենիս. Երկու Հանդիսատեսներ Մահացան Տարբեր Պայմաններու Մէջ

Թորինոյի մէջ (Իտալիա) սկսաւ տղոց թենիսի «Մասթըրզ» մրցաշարքը, որ իրար դէմ կը հանէ լաւագոյն դասուած 8 թենիսմենները: Սակայն երկուշաբթի օրուան մրցումներուն 78 տարեկան հանդիսատես մը յանկարծամահ եղաւ Թէյլըր Ֆրից-Լորենցօ Միւզեթթի մրցումին պահուն: Ան ուշքը կորսնցնելով հիւանդանոց փոխադրուած էր եւ հոն մահացած: Աւելի կանուխ նոյն ձեւի դէպք մը պատահած էր համակիրներու հաւաքի պահուն, ուր 70 տարեկան մարդ մը ուշքը կորսնցնելով փոխադրուած...

Թրքական Ֆութպոլի Ամօթալի Վիճակը

Թրքական Ֆութպոլի Ամօթալի Վիճակը

Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուին լայնածաւալ քննութիւնները, որոնք կը վերաբերին մարզական միջոցառումներու ընթացքին ֆութպոլիստներու եւ իրաւարարներու կողմէ խաղեր «ծախելու» ամօթալի երեւոյթներուն: Տարբեր դասակարգերէ աւելի քան 1000 ֆութպոլիստներ հեռացուած են կախակայուելով` ֆութպոլի մրցումներ «ծախելու» պատճառով: Անոնցմէ 27-ն մաս կը կազմեն բարձրագոյն դասակարգի խումբերուն: Ըստ «Մարքա»-ի կախակայուած մարզիկներուն շարքին կան Կալաթասարայի, Պեշիքթաշի, Թրապզոնսփորի եւ Անթալիասփորի մարզիկեր: Թուրքիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը արդէն բանակցութիւններու սկսած է...

«Էն. Պի. Էյ.»  Պէյնի Պազըրպիթըրը Պարտութեան  Մատնեց Պլէյզըրզը

«Էն. Պի. Էյ.» Պէյնի Պազըրպիթըրը Պարտութեան Մատնեց Պլէյզըրզը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի երէկուան մրցումները ընդհանրապէս հետաքրքրական եւ «տաք» էին: Ֆլորիտայի մէջ Օրլանտօ Մեճիք 14 կէտի առաւելութիւն ունենալէ ետք երրորդ մասի վերջերուն կրցաւ դիմանալ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի 4-րդ մասի ճնշումին եւ շնորհիւ Տեզմընտ Պէյնի 3 կէտնոց կողովին յաղթեց: Փորթլենտ, որ 11-0 յաջորդական կէտեր նշանակելով մրցումի վերջին վայրկեաններուն կրցած էր հաւասարեցնել արդիւնքը 112-ի վրայ, անակնկալի եկաւ Պէյնի 3 կէտնոց կողովէն, որուն...

Բռնցքամարտ.  Արտեմ Գասպարեան` Տիտղոսակիր

Բռնցքամարտ. Արտեմ Գասպարեան` Տիտղոսակիր

Հայ բռնցքամարտիկ Արտեմ Գասպարեան տպաւորիչ յաղթանակ տարաւ Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի երեկոյի մը ընթացքին: Նետերլանտներ բնակող 30 տարեկան Արտեմ Գասպարեան 7-րդ ռաունտին նաք-աութի ենթարկեց փորձառու սլովաք Ռոպերթ Ռայցին եւ շահեցաւ «Այ.Պի.Օ.» ցամաքամասային աշխարհի ախոյեանի գօտին, կիսածանր կշիռի կարգին մէջ: Այս յաղթանակը Գասպարեանի համար 14-րդն էր արհեստավարժ ասպարէզին մէջ, անոնցմէ 12-ը` նաք-աութով: Այս գօտին կ՛ամրապնդէ Գասպարեանի դիրքը համաշխարհային դասաւորման մէջ...

Բռնցքամարտ.  4 Ոսկի Մետալներ` Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեանութեան

Բռնցքամարտ. 4 Ոսկի Մետալներ` Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեանութեան

Երեւանի «Միքա» մարզահամալիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի երիտասարդներու բռնցքամարտի ախոյեանութիւնը: Շաբաթավերջին տեղի ունեցան 19 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց մրցումները, որոնց ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցիչներ 4 ոսկի, 5 արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալներ շահեցան: Ռուսիա 8 ոսկի, 1 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալներով գրեթէ տիրապետեց 19 տարեկանէն վար մրցումներուն: 54 քկ կշիռի տղոց մրցումներու աւարտականին, Վաղարշակ Քէեան 5-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տիւրենթ Վերջին Մասին Փայլեցաւ,  Եւ Հիուսթըն Յաղթեց Միլուոքի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.» Տիւրենթ Վերջին Մասին Փայլեցաւ, Եւ Հիուսթըն Յաղթեց Միլուոքի Մէջ

Քեւին Տիւրենթ նշանակեց 31 կէտ, որոնց կարգին 3 կէտնոց կողով մը, որ մրցումի աւարտէն 1,42 վայրկեան առաջ Հիուսթընին օգնեց յաղթելու Միլուոքի Պաքսի դաշտին վրայ` 122-115 արդիւնքով: Միլուոքի Պաքս իր 17 հազարէ աւելի համակիրներու ներկայութեան լաւ ելոյթ կ՛ունենար եւ 14 կէտի առաւելութիւն ալ ունէր մրցումին սկիզբը, բայց Հիուսթըն Ռոքեթց վեթերան Տիւրենթի գլխաւորութեամբ կրցաւ յաղթել: Ալփերեն Շենկիւն (23 կէտ եւ 11 ռիպաունտ),...

«Ֆորմիւլա 1».  Լանտօ Նորիս Շահեցաւ Պրազիլի  Կրան Փրին Եւ Կը Սուրայ…

«Ֆորմիւլա 1». Լանտօ Նորիս Շահեցաւ Պրազիլի Կրան Փրին Եւ Կը Սուրայ…

«Մաքլարեն»-ի վարորդ Լանտօ Նորիս զգալիօրէն իր առաւելութիւնը աւելցուց «Ֆորմիւլա 1»-ի դասաւորման մէջ` շահելէ ետք Պրազիլի կրան փրին, մինչ իր մրցակից-խմբակիցը` Օսքար Փիասթրի 10 երկվայրկեան փենալթի մը ստանալով չկրցաւ բարձրանալ փոտիում: Նորիս, որ օր մը առաջ սփրինթի մրցումն ալ շահած էր, փոլ-փոզիշընէն սկսաւ մրցումը եւ առաջին անգամ ըլլալով շահեցաւ Ինթերլակոսի մէջ տեղի ունեցած այս կրան փրին, մինչ Քիմի Անթոնելլի («Մերսետես») եւ...

«Սերի Ա.».  Ինթեր Միլան Պարագլուխի Դիրքի Վրայ

«Սերի Ա.». Ինթեր Միլան Պարագլուխի Դիրքի Վրայ

Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 11-րդ հանգրուանին, 2024-ի ախոյեան Ինթեր Միլան 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Լացիօ Ռոման բարձրացաւ առաջին դիրք` օգտուելով Նափոլիի պարտութենէն եւ Ա. Սէ. Միլանի հաւասարութենէն: Ինթեր, որ 3-րդ դիրքը կը գրաւէր, իր կոլերը նշանակեց շնորհիւ Լաութարօ Մարթինեսի եւ Անժ-Եոան Պոնիի: Մայրաքաղաքի միւս կազմը` Ա. Էս. Ռոմա, իր կարգին 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ուտինեզէին եւ կոլերով հաշիւով միայն ետ կը...

«Լա Լիկա».  Պարսելոնա Յաղթեց Վիկոյի Մէջ Եւ Մօտեցաւ Ռէալին

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Յաղթեց Վիկոյի Մէջ Եւ Մօտեցաւ Ռէալին

Սպանիոյ 12-րդ հանգրուանին առաջին դիրքը գրաւող Ռէալ Մատրիտ «անհամ» մրցումէ մը ետք 0-0 արդիւնքով հեռացաւ Մատրիտի Ռայօ Վայեքանոյի դաշտէն: Այս արդիւնքէն օգտուեցաւ Պարսելոնա, որ իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց օտար դաշտի վրայ (վերջին 4 մրցումներուն)` 2-4 արդիւնքով յաղթելով Սելթա Վիկոյի դաշտին վրայ: Վեթերան կոլ-սքորըր Ռոպերթ Լեվանտովսքի հեթ-թրիք իրագործեց, մինչ Լամին Եամալ նշանակեց այլ կոլ մը: Առաջին կիսախաղին Պարսելոնա աւելի կ՛իշխէր, բայց...

«Փրեմիեր Լիկ».  Մանչեսթըր Սիթի Ծանր Պարտութեան Մատնեց Լիվըրփուլը (3-0)

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի Ծանր Պարտութեան Մատնեց Լիվըրփուլը (3-0)

Իր հազարերորդ մրցումին (իբր մարզիչ), Փեփ Կուարտիոլա տօնեց յաղթանակ, որ կարծէք իր առաջինն էր: Մանչեսթըր Սիթի 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Լիվըրփուլը, որ եղաւ Կուարտիոլայի 716-րդը եւ հաւանաբար ամէնէն գոհացուցիչը` իր մրցանակներով հարուստ ասպարէզին մէջ: Սիթի ոչ միայն ամբողջովին տիրապետեց Լիվըրփուլի վրայ, այլեւ իր արձանագրած արդիւնքը հաստատեց նաեւ, որ խումբը լուրջ թեկնածու է այս տարեշրջանի ախոյեանութեան տիտղոսին: Կուարտիոլայի ամէնէն դժուար...

Հայաստանի Ազգային Խումբ.  Սփերձեան` Խմբապետ Իվու` Վիրաւոր

Հայաստանի Ազգային Խումբ. Սփերձեան` Խմբապետ Իվու` Վիրաւոր

Հայաստանի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան յայտարարեց, որ Կրասնոտարի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեան նշանակուած է ազգային խումբի նոր խմբապետ: Մինչ օրս ազգային խումբի խմբապետն էր Տիգրան Բարսեղեան, որ կարմիր քարտ ստանալէն ետք Իրլանտայի դէմ մրցումին, երեք մրցումով կախակայուած էր: Բարսեղեանէն առաջ ազգային խումբի խմբապետն էր Վարազդատ Հարոյեան, որ Մելիքեանի նշանակուելու նախօրեակին լքած էր ազգային խումբը: Սփերձեանի համար նոր բան մը...

Սամպօ.  Արման Աւանէսեան Եւ Գոռ Յարութիւնեան` Մետալակիրներ

Սամպօ. Արման Աւանէսեան Եւ Գոռ Յարութիւնեան` Մետալակիրներ

Շաբաթավերջին Պիշքեքի մէջ (Խըրխըզիստան) սկսաւ Սամպոյի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հայաստանի հաւաքականը 14 մարզիկներով: Մարզական սամպոյի խումբին մաս կը կազմեն Դաւիթ Յովսէփեան (58 քկ), Կարէն Սարգսեան (64 քկ), Կարլեն Մախինեան (71 քկ), Պորիս Շատվերեան (79 քկ), Գոռ Արզումանեան (88 քկ), Արսէն Խանճեան (98 քկ) եւ Աննա Այվազեան (50 քկ): Մարտական Սամպոյի խումբին մաս կը կազմեն Համլեթ Սուքիասեան...

Ֆինն Կերակուսեան Վերադարձաւ Սանտըրլենտի Երիտասարդներու Խումբ

Ֆինն Կերակուսեան Վերադարձաւ Սանտըրլենտի Երիտասարդներու Խումբ

Հայաստանի երիտասարդներու ազգային խումբի 17 տարեկան յառաջապահ Ֆին Կերակուսեան երեք մրցում կատարելէ ետք Սանտըրլենտի 18 տարեկանէն վար խումբին հետ, վերստին վերադարձաւ Սանտըրլենտի երիտասարդներու 21 տարեկանէն վար խումբին հետ եւ անմիջապէս իր ներդրումը ունեցաւ առաջնորդելու խումբը 4-2 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակի` Իփսուիչի դէմ: Իփսուիչ պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ, մինչ Սանտըրլենտ 29 խումբերու մէջ կը գրաւէ 23-րդ դիրքը` «Փրեմիեր Լիկ»-ի երիտասարդներու ախոյեանութեան 8-րդ...

«Պունտըսլիկա».  Պայերն Միւնիխ Մնաց Անյաղթ, Բայց Կորսնցուց Յաղթանակներու Շարքը

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխ Մնաց Անյաղթ, Բայց Կորսնցուց Յաղթանակներու Շարքը

Ունիոն Պերլին իր պատմութեան առաջին պաշտօնական յաղթանակը պիտի արձանագրէր Պայերն Միւնիխի վրայ, բայց Պայերն կրցաւ հաւասարիլ վերջին վայրկեաններուն: Արդարեւ, Պայերն 16 յաջորդական յաղթանակներէ ետք, շատ հաւանաբար յոգնած իր նախկին մրցումէն, որուն ընթացքին Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ 10 մարզիկներով յաղթանակ արձանագրեց, միայն 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ վերադարձաւ Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինէն: Պայերն բաւական բախտաւոր էր, երբ 10-րդ վայրկեանին կոլ մը ստանալէ ետք օֆսայտի...

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչի 6-րդ Թրիփըլ-Տապըլը. Քլիվլենտ 12 Յաջորդական Կէտերով Աւարտեց Շիքակոյի Դէմ Յաղթանակը (122-128)

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչի 6-րդ Թրիփըլ-Տապըլը. Քլիվլենտ 12 Յաջորդական Կէտերով Աւարտեց Շիքակոյի Դէմ Յաղթանակը (122-128)

«էն.Պի.Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, եւ երէկ առաւօտեան ժամերուն 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթց 117-100 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ինտիանա Փէյսըրզը: Տենվըրի 7-րդ յաղթանակին (9 մրցումներու ընթացքին) մէջ մեծ դեր ունէր Նիքոլա Եոքիչ,  որ 32 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 14 էսիսթ ձեռք ձգելով կատարեց տարեշրջանի իր 6-րդ թրիփըլ-տապըլը: Արոն Նեսմիթ 25 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ինտիանայի, բայց Փէյսըրզ իր 8-րդ պարտութիւնը կրեց: Քլիվլենտ...

Ճատրակ.  Շանթ Եւ Գաբրիէլ Սարգսեաններ Հասան Գ. Հանգրուան

Ճատրակ. Շանթ Եւ Գաբրիէլ Սարգսեաններ Հասան Գ. Հանգրուան

Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի բաժակի ախոյեանութեան մրցումները շարունակուեցան, եւ Բ. հանգրուանի աւարտին, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Շանթ Սարգսեան հասան Գ. հանգրուան: Շանթ Սարգսեան 3,5-2,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց փերուցի Խորխէ Քորին, մինչ Գաբրիէլ Սարգսեան 4-2 արդիւնքով դուրս ձգեց իսրայէլացի մրցակից Մաքսիմ Ռոտշթայնը: Հայկ Մարտիրոսեան 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութիւն կրեց ռուս Վլատիսլաւ Արթեմիեւէն: Աւելի կանուխ, Ռոպերթ Յովհաննիսեան իր կարգին հասած...

Ուասլ.  Ռիատի Դժուարութեամբ Յաղթեց

Ուասլ. Ռիատի Դժուարութեամբ Յաղթեց

Քանի մը օր առաջ սկսաւ այս տարեշրջանի ՖԻՊԱ «Ուասլ» մրցաշարքը («Ուեսթ Ասիա Սուփըր լիկ»), որուն կը մասնակցին Լիբանանէն ախոյեան եւ տիտղոսակիր Ռիատին եւ Սաժեսը: Առաջին օրուան մրցումին Սաժես Ղազիրի իր դաշտին վրայ 97-92 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Իրանի Շահրտարի Կորկանէն: Երկու խումբերն ալ հայ մարզիկներ ունէին, ուր Ժերար Հատիտեան (Սաժես) իր դէմ ունէր պարսկահայ Փիթըր Գրիգորեանը (23 տարեկան): Փարիս Պաս եւ...

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Հայաստանի Ազգային Խումբէն Լուրեր

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Հայաստանի Ազգային Խումբէն Լուրեր

«Ռիա Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ալեքսանտր Քովալենքօ կրնայ ստանալ հայկական մարզական քաղաքացիութիւն: Սոչի խումբի 22 տարեկան միջնապահը այժմ բանակցութիւններ կը վարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ` ազգային խումբէն հանդէս գալու կարելիութեան շուրջ: Այս տարեշրջանին Քովալենքօ 10 ելոյթ ունեցած է Ռուսիոյ ախոյեանութեան եւ 4 ելոյթներ` բաժակի մրցաշարքին: Ան ունի հայկական արմատներ. մայր հայ է, իսկ հայրը` կէս հայ: Բացի ատկէ, ան թոռն...

Page 81 of 1275 1 … 80 81 82 … 1,275

Արխիւներ