Հայաստանի երիտասարդներու ազգային խումբի 17 տարեկան յառաջապահ Ֆին Կերակուսեան երեք մրցում կատարելէ ետք Սանտըրլենտի 18 տարեկանէն վար խումբին հետ, վերստին վերադարձաւ Սանտըրլենտի երիտասարդներու 21 տարեկանէն վար խումբին հետ եւ անմիջապէս իր ներդրումը ունեցաւ առաջնորդելու խումբը 4-2 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակի` Իփսուիչի դէմ:
Իփսուիչ պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ, մինչ Սանտըրլենտ 29 խումբերու մէջ կը գրաւէ 23-րդ դիրքը` «Փրեմիեր Լիկ»-ի երիտասարդներու ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանէն ետք:
10-րդ վայրկեանին Կերակուսեան շատ գեղեցիկ էսիսթ մը տուաւ խմբակից Հարսիոն Ճոնզի, որ բացաւ մրցումին հաշիւը:
Կերակուսեան 18 տարեկանէն վար պատանիներու խումբին հետ 4 մրցում կատարած է` նշանակելով 3 կոլ, իսկ 21 տարեկանէն վար երիտասարդներու խումբին հետ կատարած է 3 մրցում` նշանակելով կոլ մը եւ մէկ էսիսթ:


