ՖԻՏԷ-ի 2025 աշխարհի ճատրակի բաժակի Գ. հանգրուանին Հայաստանի ներկայացուցիչներ Շանթ Սարգսեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան յաղթանակներ արձանագրելով հասան Դ. հանգրուան:
Շանթ Սարգսեան 1,5-0,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց թուրք Մուսթաֆա Եըլմազը, մինչ Գաբրիէլ Սարգսեան 1,5-0,5 արդիւնքով դուրս ձգեց հնդիկ Տիփթայան Ղոշը:
Ռոպերթ Յովհաննիսեան սպասելի պարտութիւն մը կրեց թիւ 3 դասուած Ռամեշպապու Փրակնանանտայէն` 1,5-0,5 արդիւնքով:
Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ ներկայացող Լեւոն Արոնեան եւ Սամուէլ Սեւեան իրենց կարգին յաղթանակներ արձանագրելով հասան Դ. հանգրուան:
Արոնեան դուրս ձգեց Սալեհ Սալեմը (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) 1,5-0,5 արդիւնքով, մինչ Սեւեան 3-1 արդիւնքով դուրս ձգեց ռուս Եւգենի Նաժերը:
Դ. հանգրուանին Շանթ Սարգսեան պիտի մրցի գերմանացի Ֆրետերիք Ցվանէի դէմ, մինչ Գաբրիէլ Սարգսեան պիտի մրցի 21-րդ դասուած ամերիկացի Աուոնտր Լիանկի դէմ: Շանթ Սարգսեան թիւ 33 դասուած մարզիկն է, մինչ Գաբրիէլ Սարգսեան թիւ 76 դասուած է այս մրցաշարքին:
Թիւ 15 դասուած Լեւոն Արոնեան պիտի մրցի լեհ Ռատոսլաւ Վոյթասեքի դէմ, մինչ թիւ 23 դասուած Սամուէլ Սեւեան պիտի մրցի իտալացի Լորենցօ Լոտիչիի (թիւ 119) դէմ:
Նշենք, որ Շանթ Սարգսեանի մրցակից Ֆրետերիք Ցվանէ Գ. հանգրուանին դուրս ձգած էր աշխարհի ախոյեան Կուքեշ Տի.-ն (Հնդկաստան):


