Իր հազարերորդ մրցումին (իբր մարզիչ), Փեփ Կուարտիոլա տօնեց յաղթանակ, որ կարծէք իր առաջինն էր: Մանչեսթըր Սիթի 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Լիվըրփուլը, որ եղաւ Կուարտիոլայի 716-րդը եւ հաւանաբար ամէնէն գոհացուցիչը` իր մրցանակներով հարուստ ասպարէզին մէջ:
Սիթի ոչ միայն ամբողջովին տիրապետեց Լիվըրփուլի վրայ, այլեւ իր արձանագրած արդիւնքը հաստատեց նաեւ, որ խումբը լուրջ թեկնածու է այս տարեշրջանի ախոյեանութեան տիտղոսին:
Կուարտիոլայի ամէնէն դժուար մրցակից Լիվըրփուլի դէմ յաղթանակը շատ կարեւոր էր իրեն համար:
«Շնորհակալ եմ բոլոր մարզիկներուն եւ մարզական խմբակին, որ ինծի շնորհեցին այս նուէրը` յաղթանակ ամէնէն կարեւոր մրցակիցիս դէմ այստեղ»:
Սիթի բարձրացաւ Բ. դիրք` 4 կէտով ետ մնալով Արսենալէն, որ օր մը առաջ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրած էր Սանտըրլենտի դաշտին վրայ: Սիթի 2023-ին եւ 2024-ին լաւ յիշատակներ ունի «հալածելու» Արսենալը եւ մարզիչ Արթեթան, որոնք երկու անգամ ալ վերջին հանգրուանին «սփրինթը» կորսնցուցած էին Սիթիի դէմ:


