Քանի մը օր առաջ սկսաւ այս տարեշրջանի ՖԻՊԱ «Ուասլ» մրցաշարքը («Ուեսթ Ասիա Սուփըր լիկ»), որուն կը մասնակցին Լիբանանէն ախոյեան եւ տիտղոսակիր Ռիատին եւ Սաժեսը:
Առաջին օրուան մրցումին Սաժես Ղազիրի իր դաշտին վրայ 97-92 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Իրանի Շահրտարի Կորկանէն:
Երկու խումբերն ալ հայ մարզիկներ ունէին, ուր Ժերար Հատիտեան (Սաժես) իր դէմ ունէր պարսկահայ Փիթըր Գրիգորեանը (23 տարեկան):
Փարիս Պաս եւ Եուսեֆ Խայյաթ 20-ական կէտեր նշանակեցին, մինչ ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկ Համիլթըն 19 կէտ նշանակեց ի նպաստ Կորկանի:
Երկրորդ օրուան մրցումին, Ռիատի միայն 4-րդ մասին կրցաւ գերազանցել Սուրիոյ Ուահտէին եւ յաղթեց 89-80 արդիւնքով: Մրցումը գրեթէ հաւասար կ՛ընթանար, բայց վերջին 2 վայրկեաններուն Ռիատի 74-71 արդիւնքով յառաջանալէ ետք այլեւս ետ չնայեցաւ եւ սուրաց դէպի վերջնական յաղթանակ:
Փերին Պուֆորտ 26 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ռիատիի` շահելով լաւագոյն մարզիկի մրցանակը, մինչ Ճէյմս Ճասթիս 37 կէտ նշանակեց իր 6 յաջող 3 կէտնոց կողովներով:
Չորեքշաբթի օր Ռիատի պիտի մրցի Սաժեսի դէմ, մինչ հինգշաբթի Թեհրանի մէջ Կորկան պիտի հիւրընկալէ Ղազախստանի Ասթանան:


