Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Հայաստանի Ազգային Խումբէն Լուրեր

November 8, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռիա Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ալեքսանտր Քովալենքօ կրնայ ստանալ հայկական մարզական քաղաքացիութիւն:

Սոչի խումբի 22 տարեկան միջնապահը այժմ բանակցութիւններ կը վարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ` ազգային խումբէն հանդէս գալու կարելիութեան շուրջ:

Այս տարեշրջանին Քովալենքօ 10 ելոյթ ունեցած է Ռուսիոյ ախոյեանութեան եւ 4 ելոյթներ` բաժակի մրցաշարքին: Ան ունի հայկական արմատներ. մայր հայ է, իսկ հայրը` կէս հայ: Բացի ատկէ, ան թոռն է Խորհրդային Միութեան յայտնի ֆութպոլիստ Ալեքսանտր Քովալենքոյի, որ 1973-ին Արարատ Երեւանի հետ Խորհրդային Միութեան ախոյեան եւ բաժակակիր դարձած էր:

Աւելի կանուխ, Քովալենքօ հրաւիրուած էր Հայաստանի ազգային խումբ, բայց ան նախընտրած էր Ռուսիոյ հրաւէրը ընդունիլ` մասնակցելով բարեկամական մրցումի մը` Խըրխըզիստանի դէմ:

Միւս կողմէ, Լուքաս Զելարայեանի օրերը ըստ երեւոյթին աւարտած են Հայաստանի ազգային խումբին հետ: Արդարեւ, ան չէր ընդգրկուած այս ամսուան հաւաքականի յայտացուցակին մէջ, եւ կան խօսքեր, որ ան այլեւս պիտի չհրաւիրուի, մանաւանդ որ այս տարի 2 անգամ ան մերժած էր` նախընտրելով մնալ իր ընտանիքին մօտ:

Այժմ Զելարայեան 33 տարեկան է, եւ այս տարուան սկիզբը ան վերադարձած էր իր հարազատ Պելկրանօ ակումբը, որպէսզի աւելի մօտ ըլլայ ընտանիքին` հանգիստ աւարտելով իր ասպարէզը: Անոր զաւակը «Օթիզմ»-է կը տառապի, եւ անոր պէտք է մշտական խնամք: Ազգային խումբին հաւաքներուն իւրաքանչիւր թռիչք Զելարայեանի համար դարձած է հետզհետէ աւելի դժուար եւ յոգնեցուցիչ:

Եթէ Հայաստան զտումի իր մրցումներուն երկրորդ դիրքը չգրաւէ` առանց հասնելու փլէյ-օֆի մրցումներ, ապա ազգային խումբի յաջորդ պաշտօնական խաղը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 2026-ին: Ան արդէն անցած կ՛ըլլայ 34 տարեկանը, եւ Արժանթինէն երկար ճամբորդութիւնները կը դառնան աւելի դժուար: Այսպիսով, շատ հաւանական է, որ յաջորդին անոր վրայ յոյսեր կապելը շատ իրատեսական չէ: Անշուշտ հեքիաթային տարբերակ մըն ալ կայ, ուր Հայաստան յաղթելէ ետք Հունգարիոյ եւ Փորթուգալի, պիտի գրաւէ Բ. դիրքը եւ յաջորդ գարնան ան առիթ պիտի ունենայ խաղալու փլէյ-օֆի մրցումները եւ ինչու չէ մոնտիալին հասնելով անոր ալ մասնակցի:

Ազգային խումբ առաջին անգամ հրաւիրուած Արտեմ Բանդիկեան իր կարգին կարճ զրոյց մը ունեցած այս առիթով:

«Հայատսանի հաւաքականի հրաւէրը ինծի համար պատիւ է եւ հպարտութիւն: Շատ ուրախ էի հրաւէրին համար եւ շատ երկար ժամանակէ կը սպասէի այս պահուն: Ամէնէն բարձր մակարդակի զգացումներ են: Զրոյց ունեցայ գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեանի հետ: Ամէն ինչ չեմ կրնար պատմել, բայց ինծի ըսաւ, թէ հրաւիրուած եմ, որպէսզի վարժուիմ խումբի միջավայրին եւ ընկերանամ տղոց հետ: Աւելի առաջ արդէն 2-3 օր գտնուած եմ հաւաքականի հաւաքին: Կը սկսիմ աւելի լաւ հասկնալ  ինձմէ պահանջուած սկզբունքները եւ կը փորձեմ օգտակար դառնալ Հայաստանի հաւաքականին:

Նշենք, որ 20 տարեկան Բանդիկեան հրաւիրուեցաւ ազգային խումբի հաւաքին` պատրաստուելու 13 նոյեմբերին Հունգարիոյ եւ 16 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Փորթուգալի դէմ զտումի մրցումներուն:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը` Մանչեսթըր Սիթի – Լիվըրփուլ

Յաջորդը

Ուասլ. Ռիատի Դժուարութեամբ Յաղթեց

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ

September 17, 2026
Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է
Մարզական

Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է

September 17, 2026
Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան
Մարզական

Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.