Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆորմիւլա 1». Լանտօ Նորիս Շահեցաւ Պրազիլի Կրան Փրին Եւ Կը Սուրայ…

November 11, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մաքլարեն»-ի վարորդ Լանտօ Նորիս զգալիօրէն իր առաւելութիւնը աւելցուց «Ֆորմիւլա 1»-ի դասաւորման մէջ` շահելէ ետք Պրազիլի կրան փրին, մինչ իր մրցակից-խմբակիցը` Օսքար Փիասթրի 10 երկվայրկեան փենալթի մը ստանալով չկրցաւ բարձրանալ փոտիում:

Նորիս, որ օր մը առաջ սփրինթի մրցումն ալ շահած էր, փոլ-փոզիշընէն սկսաւ մրցումը եւ առաջին անգամ ըլլալով շահեցաւ Ինթերլակոսի մէջ տեղի ունեցած այս կրան փրին, մինչ Քիմի Անթոնելլի («Մերսետես») եւ Մաքս Վերշթափըն («Ռետ Պուլ») գրաւեցին 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը:

Նորիս, որ Մեքսիքայի կրան փրին ալ շահած էր 26 հոկտեմբերին, 390 կէտ ունի` իր ետին ձգելով Փիասթրին, որ 5-րդ դիրքը գրաւեց: Փիասթրի 366 կէտ ունի, եւ տակաւին 3 կրան փրիներ կան այս տարեշրջանի մինչեւ աւարտը:

Մրցումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Նորիս ըսաւ. «Չեմ զգար, որ ախոյեանի թեկնածու եմ… պարզապէս կ՛ուզեմ յաղթել եւ առաւելագոյն կէտերը շահիլ»:

Օրուան լաւագոյն վարորդն էր վերջին 4 տարիներու ախոյեան Մաքս Վերշթափըն, որուն ինքնաշարժը բնաւ լաւ վիճակի մէջ չէր շաբաթավերջի փորձերուն եւ սփրինթի մրցումին: «Ռետ Պուլ» ստիպուեցաւ զայն օժտել նոր մեքենայով, եւ Վերշթափըն կրան փրին ստիպուեցաւ փիթ-սթոփէն սկսիլ: Ան վերջին դիրքէն սկսելով գրեթէ բոլորին անցնելով հասաւ 3-րդ դիրք, ուր վերջին 5 շրջաններուն փորձեց անցնիլ Անթոնելլիի, որ կրցաւ պահել 2-րդ դիրքը:

«Փիթ Լէյն»-էն սկսելով բնաւ յոյս չունէի հոս բարձրանալ (փոտիում): Մանաւանդ որ ինքնաշարժիս անիւն ալ պայթեցաւ մրցումին սկիզբը», ըսաւ Վերշթափըն:

Վերշթափըն անցեալ տարի 17-րդ դիրքէն սկսելով կրցած էր շահիլ Պրազիլի կրան փրին:

Ան շամփանյը թափեց Անթոնելլիի գլխուն: 19 տարեկան Անթոնելլի իր ասպարէզի լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգեց` պայքարելով աշխարհի ախոյեանին դէմ վերջին շրջանին: «Չեմ գիտեր այս մարդը ուրկէ՞ հասաւ…», ըսաւ իտալացի վարորդը կատակելով:

Պրազիլցի համակիրները յուսախաբ եղան, երբ պրազիլցի վարորդ Կապրիել Պորթոլեթօ («Սաուպըր») առաջին շրջանէն դուրս մնաց: 21 տարեկան սկսնակը առաջին պրազիլցին էր, որ Ինթերլակոսի մէջ ելոյթ կ՛ունենար 2017-էն ի վեր, երբ Ֆելիփէ Մասսա իր վերջին ելոյթը ունեցաւ:

Նախորդը

«Սերի Ա.». Ինթեր Միլան Պարագլուխի Դիրքի Վրայ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տիւրենթ Վերջին Մասին Փայլեցաւ, Եւ Հիուսթըն Յաղթեց Միլուոքի Մէջ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով

February 3, 2026
«Էն.Պի.Էյ.»  10 Մրցումներ Երէկ.  Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց
Մարզական

«Էն.Պի.Էյ.» 10 Մրցումներ Երէկ. Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց

February 3, 2026
Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ
Մարզական

Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.