«էն.Պի.Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, եւ երէկ առաւօտեան ժամերուն 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթց 117-100 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ինտիանա Փէյսըրզը:
Տենվըրի 7-րդ յաղթանակին (9 մրցումներու ընթացքին) մէջ մեծ դեր ունէր Նիքոլա Եոքիչ, որ 32 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 14 էսիսթ ձեռք ձգելով կատարեց տարեշրջանի իր 6-րդ թրիփըլ-տապըլը: Արոն Նեսմիթ 25 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ինտիանայի, բայց Փէյսըրզ իր 8-րդ պարտութիւնը կրեց:
Քլիվլենտ Քեվելիրզ մրցումի առաջին բաժինը հանգիստ ձեւով զիջած էր Շիքակօ Պուլզի դէմ, որ 19 կէտ առաւելութիւն ունէր: Տոնավըն Միչել 8 կէտ նշանակեց մրցումի վերջին 65 երկվայրկեաններուն, որոնց կարգին կողով մը 34 երկվայրկեան մնացած` յաղթելով Պուլզին:
Պուլզ 122-116 արդիւնքով յառաջացաւ մրցումի աւարտէն 1,47 վայրկեան առաջ, բայց Միչել «հանգիստ» չմնաց:
Միչել 29 կէտ նշանակեց, մինչ Տէանտրէ Հանթըր (29 կէտ) եւ Էվըն Մոպլի (24 կէտ եւ 8 ռիպաունտ) եղան հիմնական աստղերը` Քլիվլենտը առաջնորդելով 4-րդ յաջորդական յաղթանակի:
Այզաք Օքորօ 19 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պուլզի, որ իր վերջին 4 մրցումներուն 3-րդ պարտութիւնը կրեց` 5 յաջորդական յաղթանակներով սկսելէ ետք տարեշրջանը:
Աթլանթա Հոքս առանց իր հիմնական հինգ մարզիկներուն կրցաւ 122-102 արդիւնքով յաղթել Լոս Անճելըս Լէյքըրզին, որ մրցումի ընթացքին միայն 2 անգամ 1 կէտով անցաւ Հոքսին:
Լուքա Տոնչիչ 22 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց, մինչ Լըպրոն Ճէյմսի զաւակը` Պրոնի 9 կէտ նշանակեց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ 10 մրցումներու ընթացքին կրեց իր 3-րդ պարտութիւնը:
Մոհամետ Կէյէ (Սենեկալ), 21 կէտ նշանակեց Աթլանթայի հաշուոյն: Տալաս Մեւրիքս այս տարեշրջանին իր առաջին մրցումը յաղթեց դաշտէն դուրս` 111-105 արդիւնքով յաղթանակէ մը ետք Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի դաշտին վրայ:
Նաժի Մարշալ 30 կէտ նշանակեց եւ Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն կարեւոր 8 կէտեր նշանակեց մրցումի վերջին 5 վայրկեաններուն` վերջ դնելով յաջորդական 4 պարտութիւններու շարքին:
Թայրիս Մեքսի (31 կէտ) եւ Ժոել Էմպիիտ (29 կէտ) միասնաբար 60 կէտեր նշանակեցին եւ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 130-120 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթօ Ռեփթըրզին, դժուար մրցումէ մը ետք:
Թրենտըն Ուաթֆորտ 20 կէտ, 17 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիայի, որ անցեալ տարեշրջանին իր 4 ճակատումներուն ալ պարտուած էր Թորոնթոյէն:
Ար. Ճէյ. Պերըթ եւ Էմմանուէլ Քուիքլի 22-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Թորոնթոյի, որ 4 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրած էր:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆինիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 114-103
Ինտիանա Փէյսըրզ – Տենվըր Նակեթց 100-117
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 119-126
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Մայեմի Հիթ 131-136
Շիքակօ Պուլզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 122-128
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Աթլանթա Հոքս 102-122
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 120-130
Տալաս Մեւրիքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 111-105


