Սպանիոյ 12-րդ հանգրուանին առաջին դիրքը գրաւող Ռէալ Մատրիտ «անհամ» մրցումէ մը ետք 0-0 արդիւնքով հեռացաւ Մատրիտի Ռայօ Վայեքանոյի դաշտէն:
Այս արդիւնքէն օգտուեցաւ Պարսելոնա, որ իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց օտար դաշտի վրայ (վերջին 4 մրցումներուն)` 2-4 արդիւնքով յաղթելով Սելթա Վիկոյի դաշտին վրայ:
Վեթերան կոլ-սքորըր Ռոպերթ Լեվանտովսքի հեթ-թրիք իրագործեց, մինչ Լամին Եամալ նշանակեց այլ կոլ մը:
Առաջին կիսախաղին Պարսելոնա աւելի կ՛իշխէր, բայց Սելթա իր կարգին կը յարձակէր եւ կը վտանգէր Պարսայի բերդը:
10-րդ վայրկեանին Լեվանտովսքի փենալթիով նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, բայց Սերխիօ Քարէյրա անմիջապէս պատասխանեց: 37-րդ վայրկեանին Լեվանտովսքի կոլ մը եւս աւելցուց, բայց Պորխա Իկլեսիաս 5 վայրկեան ետք կրցաւ հաւասարութեան կոլը նշանակել: Կիսախաղ չեղած Եամալ նշանակեց Պարսելոնայի 3-րդ կոլը:
Բ. կիսախաղին Սելթա գրեթէ չվտանգեց Պարսելոնայի բերդը, եւ 37 տարեկան Լեվանտովսքի հեթ-թրիքը ամբողջացուց` նշանակելով տարեշրջանի իր 7-րդ կոլը:


