Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Ազգային Խումբ. Սփերձեան` Խմբապետ Իվու` Վիրաւոր

Նոյեմբեր 10, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան յայտարարեց, որ Կրասնոտարի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեան նշանակուած է ազգային խումբի նոր խմբապետ:

Մինչ օրս ազգային խումբի խմբապետն էր Տիգրան Բարսեղեան, որ կարմիր քարտ ստանալէն ետք Իրլանտայի դէմ մրցումին, երեք մրցումով կախակայուած էր:

Բարսեղեանէն առաջ ազգային խումբի խմբապետն էր Վարազդատ Հարոյեան, որ Մելիքեանի նշանակուելու նախօրեակին լքած էր ազգային խումբը:

Սփերձեանի համար նոր բան մը չէ խմբապետի պաշտօնը, մանաւանդ որ ան նախապէս 4 անգամ կրած էր ազգային խումբի շապիկը իբրեւ խմբապետ, եւ արդէն իսկ երկար ժամանակէ ի վեր Կրասնոտարի խմբապետ է: Ան լաւ առաջնորդական յատկանիշներ ունի:

Մելիքեան վերջերս խօսած էր նաեւ Զելարայեանի մասին` յայտնելով, որ հաւաքականի դռները միշտ բաց են Զելարայեանի առջեւ:

Մինչ այդ, Փիւնիկի ծայրի յառաջապահ Գէորգ Տարախչեան հրաւիրուած է ազգային խումբ` փոխարինելու Վահան Պիչախչեանը, որ արդէն Լեկիա Վարշաւայի վերջին երկու մրցումներէն հեռու մնացած էր վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:

23 տարեկան Տարախչեանի համար ասիկա երկրորդ հրաւէրն էր` նախապէս 2024-ին Սլովենիոյ դէմ կատարուած բարեկամական մրցումէ մը ետք:

21 տարեկանէն վար ազգային խումբի նախկին խմբապետը շատ լաւ ելոյթ կ՛ունենայ Փիւնիկի հետ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգին մէջ, ուր 10 մրցումներու ընթացքին ան նշանակած է 3 կոլ եւ կատարած մէկ էսիսթ: Պէտք է ըսել, որ Մելիքեան նախապէս կարճ ժամանակով եղած է Գէորգի մարզիչը` Փիւնիկի հետ, եւ լաւ գիտէ անոր յատկութիւնները:

Ռուպին ակումբի միջնապահ Ուգոչուվկու Իվու յաջորդաբար երկրորդ մրցումը չկրցաւ աւարտել առողջական խնդիրներու պատճառով: Իվու 81 վայրկեան մասնակցեցաւ «Փարի Ն. Ն.» ակումբին դէմ մրցումին եւ փոխարինուեցաւ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:

Հակառակ ասոր, ան այսօր պիտի միանայ Հայաստանի ազգային խումբի մարզական հաւաքին, որ Հունգարիոյ (նոյեմբեր 13) եւ Փորթուգալի (16 նոյեմբեր) դէմ 2026-ի Մոնտիալի զտումներու իր վերջին երկու մրցումները պիտի կատարէ:

Պէտք է ըսել, որ Ռուսիոյ ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին, Մոսկուայի բանակայինները եւ Աքրոն կատարեցին մրցումներ, որոնց ընթացքին հաւաքականի մարզիկներ Արտեմ Բանդիկեան եւ Էտկար Սեւիկեան մնացին պահեստի նստարաններուն վրայ:

Մամլոյ փակ ասուլիսի ընթացքին, մարզիչ Մելիքեան բազմաթիւ նիւթերու անդրադարձաւ, մասնաւորաբար ազգային երիտասարդ խումբը միասնական պահելու մասին, բայց յայտնեց, որ պարտադիր զինուորական-ծառայութիւնը մեծ արգելք մըն է, որ կը խոչընդոտէ ընթացքը:

«Այսօր կրնամ հաւաքի կանչել 25 ֆութպոլիստներ, բայց հարց մը կայ, որ անոնց մէկ մասը տարի մը ետք պարզապէս կ՛անհետանայ, եւ անոնց փոխարինող չկայ: Կան մեծ տաղանդով երիտասարդներ, բայց եթէ անոնք ստանան զինուորական ծառայութեան երթալու հրահանգ, անոնք պարզապէս կը լքեն ֆութպոլը: Հիմա մենք կ՛աշխատինք այս հարցին վրայ», ըսաւ ազգային խումբի մարզիչ Մելիքեան:

 

Նախորդը

Սամպօ. Արման Աւանէսեան Եւ Գոռ Յարութիւնեան` Մետալակիրներ

Յաջորդը

Հասանկուլիեւ. «Եթէ Հայաստան Միջանցքի Բացման Մասին Որոշում Չտայ, Ազրպէյճան Ստիպուած Պիտի Ըլլայ Ուժով Մաքրել Միջանցքի Տարածքը, Յետոյ Խիստ Երաշխիքներու Տակ Զայն Յանձնել Ռուսիոյ Կամ Միացեալ Նահանգներու Վերահսկողութեան»

RelatedPosts

Սամպօ.  Արման Աւանէսեան Եւ Գոռ Յարութիւնեան` Մետալակիրներ
Մարզական

Սամպօ. Արման Աւանէսեան Եւ Գոռ Յարութիւնեան` Մետալակիրներ

Նոյեմբեր 10, 2025
Ֆինն Կերակուսեան Վերադարձաւ Սանտըրլենտի Երիտասարդներու Խումբ
Մարզական

Ֆինն Կերակուսեան Վերադարձաւ Սանտըրլենտի Երիտասարդներու Խումբ

Նոյեմբեր 10, 2025
«Պունտըսլիկա».  Պայերն Միւնիխ Մնաց Անյաղթ, Բայց Կորսնցուց Յաղթանակներու Շարքը
Մարզական

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխ Մնաց Անյաղթ, Բայց Կորսնցուց Յաղթանակներու Շարքը

Նոյեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?