Հայ բռնցքամարտիկ Արտեմ Գասպարեան տպաւորիչ յաղթանակ տարաւ Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի երեկոյի մը ընթացքին:
Նետերլանտներ բնակող 30 տարեկան Արտեմ Գասպարեան 7-րդ ռաունտին նաք-աութի ենթարկեց փորձառու սլովաք Ռոպերթ Ռայցին եւ շահեցաւ «Այ.Պի.Օ.» ցամաքամասային աշխարհի ախոյեանի գօտին, կիսածանր կշիռի կարգին մէջ:
Այս յաղթանակը Գասպարեանի համար 14-րդն էր արհեստավարժ ասպարէզին մէջ, անոնցմէ 12-ը` նաք-աութով: Այս գօտին կ՛ամրապնդէ Գասպարեանի դիրքը համաշխարհային դասաւորման մէջ եւ կարելիութիւններ կը բանայ աւելի հեղինակաւոր գօտիներու համար մենամարտելու:
Նշենք, որ Գասպարեան 14 մրցում կատարած է յաղթելով բոլորին, մինչ իր սլովաք մրցակիցը 33-րդ մրցումը կը կատարէր, 28 յաղթանակ արձանագրած էր (23 անգամ նաք-աութով) եւ 5-րդ պարտութիւնը կրեց Գասպարեանի դէմ:


