Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 11-րդ հանգրուանին, 2024-ի ախոյեան Ինթեր Միլան 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Լացիօ Ռոման բարձրացաւ առաջին դիրք` օգտուելով Նափոլիի պարտութենէն եւ Ա. Սէ. Միլանի հաւասարութենէն:
Ինթեր, որ 3-րդ դիրքը կը գրաւէր, իր կոլերը նշանակեց շնորհիւ Լաութարօ Մարթինեսի եւ Անժ-Եոան Պոնիի:
Մայրաքաղաքի միւս կազմը` Ա. Էս. Ռոմա, իր կարգին 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ուտինեզէին եւ կոլերով հաշիւով միայն ետ կը մնայ Ինթերէն: Փելլեկրինի եւ Չելիք նշանակեցին Ռոմայի կոլերը:
Նափոլի 2-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Պոլոնիայի դաշտին վրայ, ուր Տալլինկա եւ Լուքումի նշանակեցին Պոլոնիայի կոլերը: Ախոյեան Նափոլի նահանջեց 4-րդ դիրք: 3-րդ դիրքը գրաւեց Ա. Սէ. Միլան, որ Փարմայի դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք 2 կոլ ստացաւ եւ բաւականացաւ 1 կէտով:


