Հայաստանի մարմնամարզիկները երկու մետալ նուաճեցին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի բաժակի «Չելենճ Քափ Փարիզ» մրցաշարքին:
18 տարեկան Համլեթ Մանուկեան յաղթեց նժոյգ թափի վարժութեան մրցումին, իսկ Արթուր Աւետիսեան երկրորդ դիրքը գրաւեց օղակներու աւարտականին:
Մանուկեանի ելոյթը գնահատուեցաւ 15.200 կէտով: Արծաթէ մետալ նուաճեց իտալացի Կապրիելէ Թարկեթթա (15.000), իսկ պրոնզէ մետալը` ամերիկացի Պրենտըն Տանկ (14.700):
Օգոստոսին տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտականին, Մանուկեան փոխախոյեան դարձած էր ախոյեանի` տիտղոսը զիջելով իտալացի Թարկեթթայի:
Եւրոպայի ախոյեանութեան, Թարկեթթա 15.133 կէտ ձեռք ձգած էր, մինչ Մանուկեան` 15.000 կէտ:
Օղակներու աւարտականին, Եւրոպայի գործող ախոյեան Արթուր Աւետիսեան 14.533 կէտ ձեռք ձգեց: Ան 0.033 կէտով միայն ետ մնաց Իլիա Զայքայէն: Երրորդ դիրքը գրաւեց Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Նիքիթա Սիմոնով (14.133):


