Շաբաթ գիշեր Լիբանանի եւ Ուասլի վերջին տարիներու ախոյեան Ռիատի 104-81 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հնդկաստանի Ինտիըն Ռէյլուէյզ խումբը:
Առաջին մասին ետ մնալէ ետք 1 կէտով (24-25), Ռիատի լաւ ձեւով պաշտպանեց եւ բաւական կայուն ձեւով շարունակեց մրցումը:
Պէտք է ըսել, որ Ռիատի նոր օտարներով կը խաղար: Զաք Լոֆթըն, Նիքոլա (Նիք) Ուեսթ եւ Տոնավըն Ուիլիամս միացած էին խումբին վերջերս: Լոֆթըն տարիներով եղած է լիբանանեան խումբերու հետ, որոնց շարքին ՀՄԸՄ-ի հետ ալ, մինչ Սենթըր Ուեսթ եւ Ուիլիամս կարողութիւն ունին 2 տարբեր դիրքերու վրայ խաղալ:
Ուիլիամս 28 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ուեսթ իր կարգին տապըլ տապըլ իրագործեց` 21 կէտով եւ 12 ռիպաունտով:
Լոֆթըն 16 կէտ եւ 7 էսիսթ կատարեց: Նահիմ Ռոպայ 11 կէտ նշանակեց, Ամիր Սէուտ` 7 կէտ, Պիլալ Թապպարա` 8 կէտ, Հայկ Կէօքճեան 6 կէտ, Քարիմ Զէյնուն` 5 կէտ, իսկ Ալի Մանսուր` 2 կէտ, 9 էսիսթի կողքին:
Հնդկական ակումբին մաս կը կազմէին նախապէս Լիբանանի մէջ ելոյթ ունեցած Քլէանթոնի Ըրլի եւ Թիմ Տալկեր:
Նոյն խմբակին մէջ (Ա. խմբակ) Քուէյթի Քուէյթ ակումբը 105-97 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Սէուտական Արաբիոյ Իթթիհատին: Ամորի Արչիպըլտ 34 կէտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Իթթիհատի, բայց Քուէյթի մարզիկներ Կրենթ եւ Օնուաքու 29-ական կէտեր նշանակեցին լաւ խմբային խաղով:
Այսօր ժամը 20:45-ին Ռիատի պիտի մրցի Քուէյթի դէմ:


