Ուասլի «Ֆայնըլ 8»-ի մրցումներու ծիրին մէջ, Սաժես 103-97 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իրանի Շահրտարի Կորկանը:
Ամերիկացիներ Տեշոնտրէ Ուաշինկթըն, Ժամալ Ճոնզ եւ Էյ. Ճէյ. Ինկլիշ բաւական լաւ ելոյթ ունեցան Եուսէֆ Խայեաթի, Ժերար Հատիտեանի, Ալի Մըզհերի, Քարիմ Իզետտինի, Ճօ Ապի Խերեսի եւ Մարք Խայեաթի կողքին:
Ուաշինկթըն 27 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ճոնզ` 25, Խայեաթ` 19 եւ Հատիտեան` 18 կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Լիբանանի փոխախոյեան Սաժեսին, որ այսօր պիտի մրցի Սէուտական Արաբիոյ Ալ Օլա խումբին դէմ: Իր առաջին մրցումին Օլա 96-72 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրած էր Քաթարի Արապի խումբին վրայ:
Աւստրալիացի Միշել Քրեք 22 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Էլայա Սթիւըրթ թրիփըլ տապըլէ զրկուեցաւ 1 էսիսթով: Ան 22 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց: Ֆրանսացի Տաւիտ Միշինօ 17 կէտ նշանակեց:
Արապիի լաւագոյն մարզիկն էր Ռիատիի նախկին սենթըր Էլմետին Քիքանովիչ, որ 21 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Վերադառնալով Սաժեսի մրցումին, Իրանի խումբին հետ ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկ Ճորտըն Սթիւընզ, որ 22 կէտ նշանակեց 6 էսիսթներու կողքին: Ամերիկացի Տ՛անճելօ Հերիսըն 31 կէտ աւելցուց, մինչ սերպ Սթեֆան Եանքովիչ 23 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:+


