Սամարզանտի մէջ շարունակուեցաւ Ճատրակի համաշխարհային 46-րդ օլիմփիատան, որուն ընթացքին Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները կատարեցին երկու հանգրուաններու իրենց մրցումները:
Տղոց հաւաքականը 9-րդ հանգրուանին 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ազրպէյճանը:
Երեք ճակատումները հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, վճռորոշ եղաւ Գաբրիէլ Սարգսեանի յաղթանակը Ռաուֆ Մամետովի դէմ: Հայկ Մարտիրոսեան, Ռոպէրթ Յովհաննիսեան եւ Շանթ Սարգսեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին իրենց մրցակիցներուն հետ:
10-րդ եւ նախավերջին փուլին, Հայաստանի տղաքը կրեցին իրենց առաջին պարտութիւնը հիւրընկալ Ուզպեքիստանէն` 0,5-3,5 արդիւնքով:
Հայաստանի միակ կէս կէտը (հաւասարութիւն) ձեռք ձգեց Շանթ Սարգսեան, որ կը մրցէր Նոտերպեք Եաքոպպոյեւի դէմ:
Հայկ Մարտիրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան պարտուեցան իրենց ճակատումներուն:
Հայաստան ունի 15 կէտ, իսկ պարագլուխի դիրքը գրաւող Ուզպեքիստան` 18 կէտ: Հայաստանի տղաքը կը գրաւեն դասաւորման 12-րդ դիրքը եւ վերջին հանգրուանին պիտի մրցին Խրուաթիոյ տղոց դէմ, որոնք կը գրաւեն 9-րդ դիրքը, Հայաստանի նման 15 կէտերով:
Աղջկանց խմբային մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը 9-րդ հանգրուանին 3-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Չինաստանէն:
Մարիամ Մկրտչեան հաւասարութիւն խլեց իրմէ բարձր դասուած Եուժին Սոնկի դէմ ճակատումին, մինչ Սուսաննա Գաբոյեան իր կարգին կէս կէտ խլեց Մօ Ժայի դէմ ճակատումին: Պարտութիւններ կրեցին Լիլիթ Մկրտչեան եւ Էլինա Դանիէլեան:
10-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին, Հայաստան կարեւոր մրցում ունէր Յունաստանի դէմ:
Լիլիթ Մկրտչեան չկրցաւ յաղթել սեւ խաղաքարերով Յունաստանի թիւ 1 դասուած Սթաւրուլա Ցոլագիտուին` կրելով պարտութիւն մը: (Յունաստան հաւասարութիւն խլեց, Հայաստանէն (2-2):
Մարիամ Մկրտչեան եւ Էլինա Դանիէլեան յաղթանակներ արձանագրած էին իրենց յոյն մրցակիցներուն դէմ, մինչ Սուսաննա Գաբոյեան իր կարգին անակնկալ պարտութիւն կրցած էր Անթոնիա Քրիսթոտուլաքիէն:
Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը 15 կէտերով կը գրաւէ 9-րդ դիրքը, մինչ Չինաստան 18 կէտերով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը:


