Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգերու Լիկա. Հայաստան Ցաւալի Պարտութիւն Կրեց Մոնթենեկրոյէն

September 30, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի իրիկուն Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան Հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Հայաստան-Մոթենեկրօ մրցումը բաւական հետաքրքրական էր, մանաւանդ Բ. կիսախաղի ընթացքին:

Հայաստան 20-րդ վայրկեանին կոլ մը ստացաւ, քիչ մը անարդար ձեւով, երբ Մոնթենկրոյի յառաջապահը կը փորձէր երկար օվըրի մը հասնիլ, բայց ան հրեց Էրիք Փիլոյեանը, որ սխալմամբ իր բերդին մէջ զետեղեց գնդակը:

34-րդ վայրկեանը կը մօտենար, երբ Հայաստանի բերդապահ Չանչարեւիչ երկար փոխանցում կատարեց Արթուր Սերոբեանին, որ լաւ ձեւով տիրապետելէ ետք գնդակին սուրաց դէպի մեծ քառակուսի եւ նշանակեց հաւասարութեան կոլը:

Սակայն ուրախութիւնը երկար չտեւեց, եւ Մոնթենեկրօ անգամ մը եւս նշանակեց այս անգամ Աթալանթայի յառաջապահ Նիքոլա Քրսթովիչի միջոցով:

Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացան Նարեկ Յովհաննիսեան, Արթուր Ղարիբեան եւ Կարլեն Յովհաննիսեան, որոնք 20-21 տարեկան ըլլալով աւելի աշխուժ կը խաղային: 65-րդ վայրկեանին խմբապետ Էտուարտ Սպերցեան որ իր 30-րդ մրցումին սքանչելի եւ անզսպելի կոլ մը նշանակեց Մոնթենեկրոյի բերդին մէջ:

Պէտք է ըսել, որ այս կոլէն ետք Հայաստան քանի մը ստոյգ առիթներ ունեցաւ, բայց չկրցաւ 3-րդ կոլ մը նշանակել:

89-րդ վայրկեանին Լաթքովիչի հասաւ գնդակ,  մը, որ լաւ ձեւով չէր կրցած զսպել բերդապահ Չանչարեւիչ, եւ նշանակուեցաւ Մոնթենկերոյի 3-րդ եւ յաղթանակի կոլը: Ցաւալի էր այս կոլը մանաւանդ տղոց այդ պայքարէն ետք: Բայց դրական է անշուշտ երիտասարդ տղոց համար` փորձառութիւն ստանալու եւ շահելու համար առիթը, որ կու տայ գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան:

Ազգերու լիկայի առաջին կարգի մրցումներուն, Ֆրանսա միայն 1 կոլ կրցաւ նշանակել` շնորհիւ Մայքըլ Օլիսէի, եւ յաղթական վերադարձաւ Պրիւքսելէն Պելճիքայի դէմ մրցումին:

Իտալիա շատ լաւ կազմակերպուած ֆութպոլ ցուցաբերեց եւ 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Թուրքիան` այս վերջինիս դաշտին վրայ (Պուրսա):

Պասթոնի, Ֆրաթեզի, Քայորէ եւ Էսփոզիթօ նշանակեցին Իտալիոյ կոլերը, մինչ Եըլմազ նշանակեց Թուրքիոյ միակ կոլը:

Ռոպերթօ Մանչինիի հաւաքականը շատ քաջալերելի ելոյթ ունեցաւ` տակաւին 6 ամիսներ առաջ զտումի մրցումներուն պարտուելէ եւ դուրս մնալէ ետք 3-րդ յաջորդական Մոնտիալէն:

Նախորդը

Ֆելիքս Կը Պատրաստուի Հեռանալու Նասրէն

RelatedPosts

Ֆելիքս Կը Պատրաստուի Հեռանալու Նասրէն
Մարզական

Ֆելիքս Կը Պատրաստուի Հեռանալու Նասրէն

September 30, 2026
Մեսսիի Կոլը Չփրկեց Ինթեր Մայեմին Ցաւալի Պարտութենէ
Մարզական

Մեսսիի Կոլը Չփրկեց Ինթեր Մայեմին Ցաւալի Պարտութենէ

September 30, 2026
Սպանիա Կը Շարունակէ Նպաստել Միջազգային Ֆութպոլի Զարգացման` Շահելով Աղջկանց Երիտասարդներու Մոնտիալը
Մարզական

Սպանիա Կը Շարունակէ Նպաստել Միջազգային Ֆութպոլի Զարգացման` Շահելով Աղջկանց Երիտասարդներու Մոնտիալը

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.