«Էմ.Էլ.Էս.»-ի բնական ախոյեանութեան մրցումներուն, ախոյեան Ինթեր Մայեմի 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Քոլոմպըս Քրուէն, Օհայոյի մէջ:
Վենեզուելացի յառաջապահ Խոսեֆ Մարթինես փենալթիով բացաւ մրցումին հաշիւը: 5 վայրկեան ետք արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի գեղեցիկ ազատ հարուածով նշանակեց գլուխ-գործոց կոլ մը:
Երկրորդ կիսախաղին, Ինթեր Մայեմիի միջնապահ Տաւիտ Այալա նշանակեց Ինթերի 2-րդ կոլը, որ սակայն ՎԱՐ-ի միջամտութեամբ չեղեալ նկատուեցաւ:
Մրցումի վերջին վայրկեանները ճակատագրական էին Ինթեր Մայեմիի համար: 96-րդ վայրկեանին երկրորդ դեղին քարտը ստանալէ ետք, դաշտէն վտարուեցաւ միջնապահ Սանթիակօ Մորալես, իսկ 2 վայրկեան ետք սենեկալցի յառաջապահ
Ժամալ Թիարէ նշանակեց Քոլոմպըսի յաղթանակի կոլը:
Ինթեր Մայեմի այս ձեւով 5-րդ յաջորդական մրցումը ըլլալով ձախողեցաւ յաղթել, «Էմ.Էլ.Էս.»-ի ախոյեանութեան գծով եւ 27 մրցումներէ ետք 46 կէտերով կը գրաւէ Արեւելեան շրջանի դասաւորման 3-րդ դիրքը: Քոլոմպըս 29 կէտով 12-րդ դիրքը կը գրաւէ:
39 տարեկան Մեսսիի նշանակած կոլը յատկանշական էր: Ան իր ասպարէզի 76-րդ կոլը նշանակեց ազատ հարուածով եւ կը մօտենայ պրազիլցի Մարսելինիօ Քարիոքայի մրցանիշին (78 կոլ): Ազատ հարուածով առաւելագոյն կոլեր նշանակողներու լաւագոյն հնգեակին մաս կը կազմեն պրազիլցի Ժայեր (74 կոլ), պրազիլցի Ռոպերթօ Տինամիթ (73 կոլ) եւ այլ պրազիլցի մը` Ժունինիօ Փերնամպուքանօ (72 կոլ):
Ընդհանուր առմամբ, Մեսսի արհեստավարժ ասպարէզին մէջ իր կատարած 1177 մրցումներուն նշանակած է 931 կոլ եւ կատարած 424 էսիսթ:
Ինթեր Մայեմիի հետ (ուր 2023-էն ի վեր կը խաղայ), ան 5 տիտղոս շահած է նշանակելով 102 կոլ, իսկ 2026-ի տարեշրջանին` 21 կոլ:


