Կիրակի օր տեղի ունեցաւ Պերլինի մարաթոնը: Երբ այդ մարաթոնի աղջկանց ախոյեանը 30-րդ քիլոմեթրին կը սուրար դէպի նոր մրցանիշ, պատռեց իր կռունկի կապը, որ կը միացնէր ոտքի ետեւի մկանը` ոսկորին: Բնական է, որ մարզիկ մը կամ որեւէ անհատ այդ ձեւի արկածի պահուն անզսպելի ցաւին չդիմանալով պէտք էր դադրեցնէր ինչ որ կը կատարէր, բայց եթովպիացի Թիկիսթ Ասեֆա անբնական կարողութիւններու տէր անձ մըն էր:
Ան հակառակ ցաւին շարունակեց իր վազքը եւ վերջին 2 քիլոմեթրը գրեթէ կաղալով աւարտեց մրցումը` գրաւելով առաջին դիրքը:
Ան աւարտի գիծը հազիւ հասած, գետին ինկաւ եւ սկսաւ արտասուել ցաւերէն ազդուած: Ան նոյնիսկ իր մետալը չկրցաւ ստանալ, որովհետեւ անմիջապէս փոխադրուած էր հիւանդանոց:
Ան վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ Գերմանիոյ Մուրնաու շրջանի մէկ մասնագիտական հիւանդանոցին մէջ եւ առնուազն 6-էն 7 ամիս պէտք ունի ապաքինելու:
«Շատ հաւանաբար ան Լոնտոնի մարաթոնին պէտք է պատրաստ ըլլայ (2027-ի ապրիլին)», ըսաւ իր մարզիչ Ճիանիի Տեմատոնան:
Փարիզի Ողիմպիական խաղերու արծաթ մետալակիրը, ինչպէս նաեւ Թոքիոյի աշխարհի ախոյեանութեան փոխախոյեանը աշխարհի մրցանիշէն 1,08 վայրկեան միայն ուշ կտրեց 42,195 քմ երկարութիւնը, ժամանակ մը, որ մարաթոնի աղջկանց պատմութեան… 3-րդ լաւագոյնն էր:


