Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին գծով վաղը` կիրակի, 30 սեպտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի խումբերը մրցումներ ունին կատարելիք:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին կը մրցի Մութթահետի դէմ: Այս մրցումին պիտի յաջորդէ ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անուար մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
Վերոնշեալ երկու մրցումները, մնացեալներուն նման, տեղի պիտի ունենան «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ):
ՀՄԸՄ-ի զոյգ խումբերն ալ մաս կը կազմեն Բ. խմբակին:


