Հաւասարութենէ մը եւ պարտութենէ մը ետք, շաբաթ, 29 սեպտեմբերին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, երբ Պհամտունի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պըրժը:
Ամին Ապտելնուրի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին 29-րդ վայրկեանին, սենեկալցի Սեմի Պիայէ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը: Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 2-0 արդիւնքով, երբ հայրենի ֆութպոլիստ Դաւիթ Ղանդիլեան 45-րդ վայրկեանին նշանակեց երկրորդ կոլը: Անոր փենալթիի հարուածը թէեւ զսպուեցաւ Պըրժի բերդապահին կողմէ, սակայն, ան շարունակեց խոյանալ գնդակով եւ կոլ նշանակեց մրցակիցին բերդին մէջ:
Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած (50-րդ), Ուասիմ Ապտելհատի փենալթիով նշանակեց Պըրժի կոլը: Այսպիսով, Պըրժ ՀՄԸՄ-ի նման արձանագրած է յաղթանակ մը, հաւասարութիւն մը եւ կրած պարտութիւն մը` ապահովելով 4 կէտ:
Օրուան իրաւարարներն էին` Մահեր Ալի (կեդրոն), Մոհամետ Հարպ, Ուալիտ Տամայ (կողմի) եւ Ֆետի Ասրաուի (չորրորդ):
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի կազմին արձանագրած այս յաղթանակը` խումբին մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ յաղթանակներ:


