Նախորդ տարի Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացած Ռիատի Պէյրութ, ախոյեանութեան Ա. հանգրուանէն իսկ դուրս մնաց, երբ կրեց մրցաշարքի իր երկրորդ պարտութիւնը, որ եղաւ քիչ մը ծանր` 33 կէտի տարբերութեամբ, 96-63 արդիւնքով (23-26, 26-7, 23-16, 24-14):
Ռիատի իր այս պարտութիւնը կրեց Միրալքօ Պուլցէն (Ֆիլիփեան կղզիներ):
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Ռիատի գրաւեց իր խմբակին վերջին դիրքը, մինչ Միրալքօ յաջողեցաւ ինք ըլլալ կիսաւարտականին հասնողը, ուր իր դէմ պիտի ունենայ Ալվարք Թոքիոն (Ճափոն):
Այս մրցումին Ռիատի ունեցաւ իր ամէնէն ձախող ելոյթներէն մէկը: Անիկա այն կազմը չէր, որ նախորդ տարի Չինաստանի մէջ հանդիսացած էր Ասիոյ ախոյեան:



