«Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ռուսիոյ կրան փրին աւարտեցաւ «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով:
Սոչիի մէջ տեղի ունեցած այս կրան փրիին, անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց «Մերսետես»-ի այլ վարորդ մը` Վալթերի Պոթաս, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Ֆեռարի»-ի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթել:
Հեմիլթընի համար այս յաղթանակը եղաւ այս տարեշրջանի 8-րդը, իսկ 70-րդը` անոր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին:
Ան այժմ կը գրաւէ վարորդներու ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը` 306 կէտով: Անոր ետին է Վեթել (256), մինչ Պոթաս բարձրացաւ երրորդ դիրք (189):
Այս մրցումի մրցանակաբաշխութեան ներկայ էր նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Տարեշրջանի աւարտին մնացած է 5 հանգրուան միայն: