Մարզական

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու 31-րդ Ախոյեանութիւն. Վաղը` Վիճակաձգութիւնը. Երեքշաբթի, 2 Հոկտեմբերին` Պաշտօնական Բացումը

Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի 31-րդ ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, 30 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, «Լանքասթըր» պանդոկին մէջ (Հազմիէ): Այս ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ 2-12 հոկտեմբերին, կազմակերպուած է Պէյրութ ակումբին կողմէ եւ նուիրուած Հանրի Շալհուհի յիշատակին: Մրցումները տեղի պիտի ունենան վերոնշեալ ակումբին` Շիահի մարզադաշտին վրայ: Ինչ կը վերաբերի ախոյեանութեան պաշտօնական բացումին, անիկա տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 2...

Ճատրակի Համաշխարհային Ողիմպիական. Հայաստան – Ազրպէյճան` 1,5-2,5

Պաթումի մէջ (Վրաստան) շարունակուող ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականի 5-րդ հանգրուանին, Հայաստանի տղոց հաւաքականը 2,5-1,5 արդիւնքով պարտուեցաւ Ազրպէյճանէն: Հայաստանի խումբի յառաջատար Լեւոն Արոնեան (2780), որ ճերմակ քարերով մրցեցաւ Շահրեար Մամետեարովի (2820) դէմ, պարտութիւն կրեց 48-րդ շարժումին, իսկ 2-րդ խաղատախտակին վրայ հանդէս եկած Գաբրիէլ Սարգսեան (2691) իր կարգին սեւ քարերով պարտուեցաւ Թէյմուր Ռաճապովէն (2751)` 43-րդ շարժումին: Հրանդ Մելքումեան (2660) յաղթեց Արկադի Նայտիչի (2721)`...

Վաղը` Կիրակի, 30 Սեպտեմբերին.  Անթուան Ղըրայյեպի Անուան Պասքեթպոլի 6-րդ Մրցաշարքին Բացման Հանդիսութիւնը

Վաղը` Կիրակի, 30 Սեպտեմբերին. Անթուան Ղըրայյեպի Անուան Պասքեթպոլի 6-րդ Մրցաշարքին Բացման Հանդիսութիւնը

Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, հովանաւորութեամբ Ժըտէյտէ - Պաուշրիէ - Սատի քաղաքապետութեան, զօրակցութեամբ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրի տնօրէնութեան եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, վաղը` կիրակի, 30 սեպտեմբերին տեղի կ՛ունենայ Անթուան Ղըրայյեպի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի 6-րդ տարիքային մրցաշարքի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան 1100 մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնեն 30 ակումբներ`...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.

Չելսի - Լիվըրփուլ, Եուվենթուս - Նափոլի Եւ Ռէալ Մատրիտ - Աթլեթիքօ Մատրիտ Մրցումները Պիտի Գրաւեն Լուսարձակները Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ պիտի կատարուին հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ, որոնք բնականաբար պիտի գրաւեն լուսարձակները: Անգլիոյ մէջ, բաւական հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Չելսի եւ Լիվըրփուլ: Սպանիոյ մէջ, մատրիտեան զօրաւոր տերպիի մրցումին, իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Ռէալ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Պըրժ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին կատարուեցան երկու հանդիպումներ: Մապարրա 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շապապ Պըրժի հետ, մինչ Շապապ Արապի 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Նահտա Պար Էլիասի դէմ: Մրցումները կը շարունակուին այսօր եւ վաղը: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր մրցումը կը կատարէ այսօր, երբ յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին Պհամտունի դաշտին վրայ կը...

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Ռիատի Պէյրութի Առաջին Յաղթանակը

Թայլանտի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ ակումբներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ներկայացուցիչ Ռիատի Պէյրութ երկարաձգումէն ետք արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 106-100 արդիւնքով (27-22, 19-26, 22-14, 19-25 եւ 9-3) յաղթելով Մոնօ Վամփայըրին (Թայլանտ): Ռիատիէն Ամիր Սէուտ մօտ օր թրիփըլ-տապըլ մը իրագործելու (30 կէտ, 9 ռիպաունտ, 8 էսիսթ): Անոր խմբակից Մարք Լայընզ նշանակեց 27 կէտ եւ 10 էսիսթ, մինչ Պասել -...

Սաութկէյթ Մինչեւ 2022 Պիտի Մնայ Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

«Պի. Պի. Սի.» հաղորդեց, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Կերըթ Սաութկէյթ ստորագրեց նոր պայմանագրութիւն մը` Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ: Այսպիսով, ան մինչեւ 2022 պիտի մնայ խումբին մարզիչը: Նոր պայմանագիրով անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ 3,3 միլիոն եւրօ: Ան կը ստանար 2,2 միլիոն եւրօ: Սաութկէյթ Անգլիոյ մարզիչ նշանակուեցաւ 2016-ին:

Պաշտօնանկ Ընելու Համար Իր Մարզիչը. Մանչեսթըր Եունայթըտ Մուրինիոյին Պէտք Է Վճարէ 26 Միլիոն Եւրօ

Մանչեսթըր Եունայթըտի ղեկավարութիւնը ցարդ չ՛աճապարեր պաշտօնանկ ընելու համար ակումբին փորթուգալցի մարզիչը` Ժոզէ Մուրինիոն, որուն հետ մինչեւ 2020 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է: Վերջին շրջանին լուրջ տարակարծութիւններ սկսան ֆութպոլիստներուն եւ մարզիչին միջեւ: Վերջինը տեղի ունեցաւ մարզիչին եւ Փոլ Փոկպայի միջեւ, ինչ որ մտահոգեց խումբին պատասխանատուները` խումբին արձանագրելիք արդիւնքներուն առնչութեամբ: Սակայն եթէ Մանչեսթըր Եունայթըտ որոշէ գործէ արձակել Մուրինիոն, անոր ստիպուած է վճարել 26...

Թեքուանտօ.  Ալեքսիա Աւագեան Տիրացաւ Ոսկի Մետալի

Թեքուանտօ. Ալեքսիա Աւագեան Տիրացաւ Ոսկի Մետալի

«Պէյրութ-օփըն 2018»-ի թեքուանտոյի միջազգային բաց մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ, Լիբանանը ներկայացնող շարք մը երկսեռ մարզիկներ տիրացան տարբեր տեսակի մետալներու: Պէտք է նշել, որ պայքարը եղաւ բաւական սուր եւ լարուած մթնոլորտի մը մէջ` նկատի ունենալով, որ բազմաթիւ մարզիկներ եկած էին Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն եւ Արաբական երկիրներէ: Լիբանանի տարբեր ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու ընթացքին ընդհանրապէս ոսկի մետալներու տիրացած Ալեքսիա...

Ճատրակ. Համաշխարհային Ողիմպիական. Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Հաւաքականներուն Չորրորդ Յաղթանակը

Պաթումի մէջ երէկ շարունակուեցան ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականի խաղերը, երբ կատարուեցան 4-րդ հանգրուանի ճակատումները: Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ազգային հաւաքականները արձանագրեցին իրենց չորրորդ յաջորդական յաղթանակը եւ ցարդ կը մնան բնականաբար անպարտելի: Տղոց կազմը, որ մրցեցաւ Յունաստանի դէմ, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Առաջին խաղատախտակին վրայ յաղթանակ արձանագրեց Լեւոն Արոնեան, չորրորդին վրայ` Հայկ Մարտիրոսեան, մինչ Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Հրանդ Մելքումեան` հաւասարութիւններ: Հայրենի...

Եւրօ-2024. Գերմանիա Իրաւունք Ստացաւ Հիւրընկալելու Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը` Յաղթելով Թուրքիոյ

Երէկ` հինգշաբթի, 27 սեպտեմբերին որոշուեցաւ, թէ ո՛ր երկիրը իրաւունք պիտի ունենայ հիւրընկալելու «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Եւրօ-2024-ի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումները: Թեկնածու ներկայացած էին երկու երկիրներ` Գերմանիա եւ Թուրքիա: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը տեղեկացուց, որ այդ իրաւունքը տրուեցաւ Գերմանիոյ, որ այսպիսով յաղթեց Թուրքիոյ` այդ ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու առումով:  

Քարաթէ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. «Այ. Էս. Քէյ. Էֆ.» Միութեան Մարզիկները Լիբանանին Ապահովեցին 38 Ոսկի, 34 Արծաթ Եւ 26 Պրոնզ Մետալներ

Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի քարաթէի ախոյեանութեան, Լիբանանի ներկայացուցիչ «Այ. Էս. Քէյ. Էֆ.» միութեան մարզիկները, իրենց տպաւորիչ եւ բացառիկ ելոյթներուն շնորհիւ տիրացան 38 ոսկի, 34 արծաթ եւ 26 պրոնզ մետալներու: Այդ մետալներուն շնորհիւ, վերոնշեալ միութիւնը խմբային ընդհանուր դասաւորման մէջ 12 մասնակցող միութիւններուն եւ խումբերուն մէջ գրաւեց առաջին դիրքը: Տեղի ունեցան 12-էն 60 տարեկան դասակարգերու մրցումներ: Լիբանանէն մասնակցեցան 31...

Պասքեթպոլ. ՖԻՊԱ-ի Ասիոյ Ակումբներու Ախոյեանութիւն Ռիատի Պէյրութ Պարտուեցաւ Ալվարքէն` 87-76 Արդիւնքով

Թայլանտի մէջ տեղի ունեցող ՖԻՊԱ-ի պասքեթպոլի Ասիոյ ակումբներու ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Ռիատի Պէյրութ կատարեց իր առաջին մրցումը` ճակատելով Ալվարքի դէմ (Թոքիօ, Ճափոն): Մրցումը աւարտեցաւ լիբանանեան կազմին պարտութեամբ` 87-76 արդիւնքով: Ռիատիի այսօրուան մրցակիցը պիտի ըլլայ Մոնօ Վեմփայըր (Թայլանտ): Մրցումը պիտի սկսի ժամը 11:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):

Պասքեթպոլ. Տղոց Գ. Դասակարգի Ախոյեանութեան Արդիւնքները

Լիբանանի տղոց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները շարունակուեցան անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին եւ անոնք ընթացան բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ: Ստորեւ` արձանագրուած արդիւնքները. Միրիամիյյին (Ժիպէյլ) - Իրաւաբաններու Սենտիքա 70-60 Շիրահ Պուար - Ամալ Պիքֆայա 87-84 Ախաուաթ Միրիամիյյին - Պրումմանա 73-52 Շեպիպեթ Շիահ - Իրաւաբաններու Սենտիքա 82-73 Շապապ Հապպուշ - Շիրահ Թրիփոլի) 20-0 (ի բացակայութեան) Շիահ - Պըժժէ 82-48 Քաննուպին - Շապապ...

Յառաջիկայ Տարեշրջանէն Սկսեալ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Պիտի Կիրարկէ «Վար» Համակարգը` Եւրոպական Մրցաշարքերուն Ընթացքին

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ, «ՎԱՐ» («VAR») համակարգը պիտի կիրարկուի նաեւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ընթացքին: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն «ՎԱՐ» համակարգէն պիտի օգտուի նաեւ 2019-ի Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքի մրցումին ընթացքին, ինչպէս նաեւ 2020-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան: «Եւրոպայի լիկա»-ի մրցաշարքին անիկա պիտի կիրարկուի 2020-2021 տարեշրջանէն սկսեալ, իսկ «Ազգերու լիկա»-ին` 2021-էն սկսեալ: Այս ամրան ընթացքին Ռուսիոյ...

Ղազախական Ֆութպոլ. Աքթոպէ Յաղթական. Փիցելլի` Կոլի Հեղինակ

Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Աքթոպէ, որ հիւրընկալեց Իրթիշը, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցումին 24-րդ վայրկեանին տպաւորիչ կոլ մը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի, որ այժմ 18 կոլով երկրին կոլսքորըրն է:

«Լա Լիկա». Պարսելոնայի Եւ Ռէալ Մատրիտի Առաջին Պարտութիւնը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումները բախտաբեր չեղան երկրին զօրաւորագոյն երկու կազմերուն` Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի համար, նկատի ունենալով, որ անոնք կրեցին տարեշրջանի իրենց առաջին պարտութիւնը` օտար դաշտերու վրայ: Ռէալ Մատրիտ 3-0 արդիւնքով քիչ մը ծանր պարտութիւն կրեց Սեւիլլայէն, մինչ Պարսելոնա 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը` Լեկանեսէն: Հակառակ անոր որ Ֆիլիփ Քութինիօ 12-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն այդ...

Գերմանական Ֆութպոլ. Սարգիս Ադամեան` Դարձեալ Կոլի Հեղինակ

Գերմանիոյ երկրորդ «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Եան Ռեկենսպուրկ, որ հիւրընկալեց Հայտընհայմը, արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան դարձեալ կոլ մը նշանակեց յաղթական խումբին հետ, երբ 6-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը: Այժմ Եան Ռեկենսպուրկ 10 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը: Ադամեան Համպուրկի դէմ տեղի ունեցած 6-րդ հանգրուանին հեթրիք մը իրագործած...

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Կորսնցուց Տարեշրջանի Իր Առաջին Երկու Կէտը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Օկզպուրկ եկաւ կասեցնելու ախոյեան Պայէրն Միւնիխի յառաջխաղացքը, երբ անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Այսպիսով, Պայէրն կորսնցուց տարեշրջանի իր առաջին 2 կէտը` նկատի ունենալով, որ անիկա առաջին չորս մրցումներուն արձանագրած էր չորս յաղթանակ: Այս հանգրուանին մեծագոյն յաղթականը եղաւ Պորուսիա Տորթմունտ, որ անխնայ եղաւ իր հիւրին` Նիւրեմպերկի նկատմամբ, 7-0 արդիւնքով շռնդալից յաղթանակ մը...

«Լա Լիկա». Մարսելօ Բացակայ` Մատրիտեան Տերպիէն

Սպանական «Մարքա» մարզական օրաթերթը երէկ յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Մարսելօ պիտի բացակայի այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մատրիտեան տերպիէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Ան վիրաւորուեցաւ նախանցեալ օր Սեւիլլայի դէմ կատարուած «Լա լիկա»-ի մրցումէն: Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք այս մրցումէն պիտի բացակայի նաեւ Իսքօ, մինչ Քարվախալի մասնակցութիւնը հարցականի տակ է:  

Page 788 of 1278 1 … 787 788 789 … 1,278

Արխիւներ