Երեւանի Արարատ – Արմենիա խումբի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականէն հեռացած Վարդան Մինասեան, որ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
44 տարեկան մասնագէտը փոխարինեց պաշտօնէն հեռացած Վատիմ Սքրիփչենքոն (պիելոռուսիա):
Մինասեան արժանացած է մարզիչի շարք մը կոչումներու եւ պարգեւներու: Ան ունի մարզիչի «ՓՐՕ» արտօնագիր: